6 յունուարին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը: Տօնին առիթով Միածնաէջ մայր տաճարին մէջ Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Հայրապետական սուրբ պատարագին ներկայ էին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Մայր աթոռի բարերարներ, քաղաքական-հասարակական գործիչներ եւ ուխտաւոր հայորդիներ:
Հայրապետական խաչվառազարդ թափօրը զանգերու աւետաբեր ղօղանջներուն ներքեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին վեհարանէն ամպհովանիով ուղեկցեցաւ դէպի մայր տաճար:
Սրբազան արարողութեան վեհափառ հայրապետին իբրեւ առընթերականեր կը սպասաւորէին Մուշեղ եպս. Բաբայեան եւ Դանիէլ եպս. Ֆընտըգեան:
Սուրբ պատարագի ընթացքին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը աշխարհասփիւռ հաւատաւոր հայ ժողովուրդին յղեց հայրապետական իր պատգամը` փոխանցելով «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» աւետիսը:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ նշեց, որ այսօր վերստին Սուրբ Ծննդեան հրեշտակաձայն աւետիսը կը թեւածէ մեր եկեղեցիներուն եւ ընտանիքներուն մէջ Միասնաբար կը փառաբանենք մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին, որ ծնաւ եւ աշխարհ եկաւ մեր փրկութեան համար:
«Անժամանակն Աստուած անցաւոր աշխարհ եկաւ: Անծայրածիր տիեզերքը ստեղծողը պարփակուեցաւ մարդկային մարմնի մէջ, երկնային գահին բազմողը` փոքրիկ ու աղքատիկ քարայրի մէջ: Ազգերը հրաւիրուեցան մեղքը թօթափելու, մահուան խաւարէն ելլելու եւ յաւիտենութեան ժառանգորդ ըլլալու: «Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդը աստուածանայ», կ՛ուսուցանեն եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը: Յիրաւի, Աստուծոյ մարդանալը սկիզբն էր մարդու մաքրագործուելուն, սրբագործուելուն եւ աստուածանալուն», նշեց վեհափառ հայրապետը:
Վեհափառը յայտնեց, որ Քրիստոսի ուղենշած այս ճանապարհէն խոտորիլը աշխարհը կը դարձնէ անարդարութեան, թշուառութեան ու դժբախտութիւններու թատերաբեմ, կ՛ընկղմէ մոլորութիւններու խաւարին մէջ, կը յանգեցնէ անձնական ու հասարակական կեանքի խեղման, արժէքներու աղաւաղման ու ոչնչացման, որոնց դրսեւորումները կը տեսնենք նաեւ մեր իրականութեան մեջ:
«Այսօր մեր կեանքին մէջ կը տկարանան մէկզմէկու նկատմամբ հաւատքն ու վստահութիւնը, իբրեւ քաջութիւն կ՛ընկալուի անյարգալից ու անզուսպ պահուածքը, խօսքի ազատութիւնը կը հակադարձուի այլակարծութեան անհանդուրժողութեամբ, բանավէճը կը վերածուի վիրաւորանքներու ու վարկաբեկումներու, իսկ հանրային օգուտը, հայրենանպաստ եւ ազգանուէր ծառայութիւնը կը ստորադասուի անձնական եւ խմբակային նեղ շահերու: Մեր սուրբ եկեղեցին կը շարունակէ ենթարկուիլ բռնաճնշումներու: Այս իրավիճակը լուրջ հարուած է մեր ազգի ու պետութեան հեղինակութեան եւ խոր վէրք` հասցուած համայնքներուն ու հաւատացեալներուն», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:
Ամենայն հայոց հայրապետը աւելցուց, որ հակառակ անօրինական ու կանոնախախտ գործողութիւններու` մեր սուրբ եկեղեցին իր բարեպաշտ ժողովուրդով ամուր ու անսասան է, հաւատարիմ իր տէրունաշնորհ կոչման եւ առաքելութեան: Հայոց եկեղեցին սուրբ է ու սրբարար` հիմնադրուած Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողիմէոս առաքեալներու քարոզչութեամբ: Առաքելական մեր մայր եկեղեցին պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ ենթարկուած է բազում յարձակումներու, անցած է սոսկալի նեղութիւններէ ու տառապանքներէ, մարտիրոսացած է ու նահատակուած, բայց երբեք յուսահատութեան գերի չէ դարձած, որովհետեւ գիտակցած է, որ ճշմարիտ ազատութիւնը եւ փրկութիւնը Քրիստոսին հնազանդելու, Անոր ապաւինելու մէջ է:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս նկատել տուաւ, որ «Սուրբ Ծննդեան հրեշտակաձայն աւետիսը եւ բեթղեհէմեան աստղի լոյսը այսօր ալ բոլոր մարդոց ուղղուած հրաւէրներ են Աստուծոյ ապաւինութեամբ կեանքը վերափոխելու բարիով ու բարիքով, հաստատելու խաղաղութիւն աշխարհի մէջ եւ հաճութիւն մարդոց մէջ: Երկնառաք այս պատգամին ունկնդիր` ապրինք ու գործենք Տիրոջ հետ` բոլոր բնագաւառներուն մէջ մեր նախանձախնդիր ու ամբողջանուէր ծառայութեամբ, ի խնդիր անձնական, ընտանեկան ու հայրենական կեանքի ապահով ու բարօր ընթացքի: Վճռակամ ըլլանք հաստատուն պահելու օրինայարգութիւնը, մերժելու անիրաւութիւնն ու կամայականութիւնը, ատելութիւնն ու քինախնդրութիւնը, որոնք մեծապէս կը վնասեն ու քայքայեն պետական ու ազգային մեր ներուժը»:
Յաւարտ սուրբ պատարագի` կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն: Սուրբգրային ընթերցումներէն, ջրօրհնեաց շարականներու երգեցողութենէն եւ Բարսեղ Մեծ հայրապետի աղօթքէն ետք Ամենայն հայոց կաթողիկոսը խաչով եւ սրբալոյս միւռոնով օրհնեց ջուրը:
Ջրօրհնէքի արարողութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը վերստին իր օրհնութիւնն ու Սուրբ Ծննդեան փրկարար աւետիսը փոխանցեց ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդին:


