Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք նշեց. «Լիբանանը կացութեան որեւէ վատթարացումէ զերծ պահելու համար աշխատանք թափելուն այլընտրանքը չունինք»:
«Յառաջիկային դրական զարգացում մը տեղի պիտի ունենայ», աւելցուց դեսպանը: