Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաճիեւ. «Ազրպէյճան Բոլոր Ջանքերը Կը Գործադրէ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Խաղաղ Օրակարգ Յառաջ Մղելու Համար»

December 10, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան բոլոր ջանքերը կը գործադրէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ խաղաղ օրակարգ յառաջ մղելու համար: Այս մասին Տոհայի մէջ միջազգային ֆորումի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:

Ան ընդգծած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը շարունակելու կարեւորութիւնը:

«Միեւնոյն ժամանակ, մեզի անհրաժեշտ է միջազգային ընտանիքի աջակցութիւնը: Ինչպէ՞ս պէտք է այս աջակցութիւնը ուղղորդուի եւ յարմարեցուի մեր օրակարգին: Նախ եւ առաջ, մեզի անհրաժեշտ է քաղաքական աջակցութիւն եւ, ի հարկէ, քաղաքական կամք», ըսած է Հաճիեւ:

Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է զերծ մնալու այնպիսի յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան վնասել խաղաղութեան հոլովոյթին:

«Մեզի աջակցեցէ՛ք, որպէսզի կարենանք յառաջ շարժիլ: Երբեմն քաղաքական յայտարարութիւններուն մէջ մենք կը տեսնենք տարրեր, որոնք մեզ ետ կը պահեն: Ասիկա է կոչս միջազգային լրատուամիջոցներուն, ակադեմական շրջանակներուն եւ վերլուծական կեդրոններուն: Կան ուսումնասիրութիւններ, որոնք մեզ քարշ կու տան դէպի անցեալ, եւ ատիկա պէտք չէ տեղի ունենայ: Մենք դէպի ապագայ կը նայինք: Գիտենք, որ կան մարտահրաւէրներ, սակայն եկէք կեդրոնանաք խաղաղութեան օրակարգին վրայ եւ աշխատինք ատոր հասնելու համար», նշած է Հաճիեւ:

Ան յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի վերջին հանդիպումին սահմանազատման հոլովոյթէն զատ քննարկած են նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ առեւտուրի որոշ ոլորտներ:

«Այդ ոլորտներէն մէկը, որ մենք ներկայիս կը դիտարկենք, քարիւղի եւ նաւթամթերքի Ազրպէյճանէն Հայաստան արտածումն է: Ասիկա նաեւ աննախադէպ զարգացում է», նշած է Հաճիեւ:

Ան իր խօսքին մէջ դարձեալ կիրարկած է «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը, ինչի հետ քննարկման միւս բանախօսը` Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան չէ համաձայնած` շեշտելով, որ միջանցքի վերաբերեալ օգտագործուող եզրը անընդունելի է հայկական կողմին համար:

Ան ընդգծած է, որ Ուաշինկթընի մէջ 8 օգոստոսին տեղի ունեցած վեհաժողովին մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները ստորագրած են փաստաթուղթ մը, ուր ճամբու ապաշրջափակումը կը կոչուի «Թրամփի ուղի յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճումի»: «Եւ մենք հաւատարիմ ենք այս եզրին», ըսած է ան:

Նախորդը

Արաղչի Այցելեց Պաքու

Յաջորդը

Ըստ Պաքուի` Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Նոր Փաստաթուղթը «Կը Հակասէ Խաղաղութեան Օրակարգին»

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.