Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նէյմար Փրկեց Սանթոսը` Բ. Դասակարգէն

December 9, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նէյմարի Սանթոս ակումբը, 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քրուզէյրոյին, մնայ Պրազիլի առաջին դասակարգին մէջ, մինչ մրցումէն ետք 33 տարեկան աստղը յայտնեց, որ ձախ ծունկի վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի:

Տարեշրջանի իր վերջին մրցումին Սանթոս, որ համաշխարհային համբաւ ունի Փելէի օրերէն, կրցաւ փրկուիլ Բ. դասակարգէն, ուրիշները կրնար ըլլալ պատմութեան 2-րդը: Սանթոս 2023-ին փոխանցուած էր Բ. դասակարգ` Փելէի մահէն մօտ տարի մը ետք:

Նէյմար, որ ծունկի ետեւի մկաններու կապի («Էյ. Սի. Էլ.») գործողութենէն ետք շատ լաւ ելոյթներ չէր ունենար, եղաւ Սանթոսի կարեւոր տարրերէն մէկը, որ յաջողութեամբ պայքարեցաւ խումբը պահելու առաջին դասակարգին մէջ:

Նէյմար անցեալ յունուարին վերադարձած էր իր արհեստավարժ ասպարէզի առաջին ակումբը` 2 տարի Սէուտական Արաբիոյ մէջ խաղալէ ետք: Ախոյեանութեան վերջին երեք մրցումներուն, Նէյմար կոլ մը նշանակած էր Սփորթ Ռասիֆէի (3-0) դէմ, անցեալ չորեքշաբթի` հեթ-թրիք Ժուվենթուտի (3-0) դէմ եւ կիրակի օր փլէյ մէյքըրի դեր ունէր Քրուզէյրոյի դէմ, ուր Թասիանօ (2) եւ Ժոաօ Շմիթ նշանակեցին ի նպաստ Սանթոսի, որ 47 կէտերով աւարտեց 12-րդ դիրքի վրայ:

Նէյմար իր մասնակցութիւնը բերաւ տարեշրջանի 38 մրցումներէն 19-ին` անցեալ ապրիլէն, նշանակելով 8 կոլ:

«Ես եկայ ասոր համար` փորձելով օգնել ակումբին: Շատ դժուար շաբաթներ էին ինծի համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք իմ մօտս էին եւ բարձրացուցին իմ տրամադրութիւններս: Առանց իրենց, այս վիրաւոր վիճակով չէի կրնար օգնել խումբին: Պէտք է հանգստանամ եւ վերաբուժութեան ենթարկուիմ», ըսաւ Նէյմար, որ կը յուսայ մաս կազմել Քարլօ Անչելոթթիի ընտրելիք խմբակին, որ պիտի մասնակցի 2026-ի Մոնտիալին:

Նշենք, որ Ֆլամենկօ շահած էր Պրազիլի ախոյեանութիւնը 9-րդ անգամ ըլլալով` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սեարային: Անցեալ ամիս Ֆլամենկօ շահած էր նաեւ «Լիպերթատոր» ցամաքամասային բաժակը:

Նախորդը

Ինթեր Մայեմի Շահեցաւ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի Տիտղոսը

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ինթեր Միլան – Լիվըրփուլ. Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Սիթի

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.