Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ինթեր Միլան – Լիվըրփուլ. Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Սիթի

December 9, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ մը դադարէ ետք «Չեմփիընզ լիկ»-ը կը վերադառնայ այսօր, ուր կը սկսին 6-րդ շաբթուան մրցումները:

Իտալիոյ մէջ Ինթեր Միլան, որ վերջերս ինքզինք գտած է, պիտի մրցի Անգլիոյ Լիվըրփուլին դէմ, որ բնաւ լաւ օրերու մէջ չէ վերջերս:

Լիվըրփուլ ընդհանրապէս աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած է Իտալիոյ մէջ` Ինթերի դէմ, սակայն Ինթեր 2022-ի վերջին ճակատումին կրցած է յաղթել Լիվըրփուլի դաշտին վրայ:

Թուղթի վրայ եւ ըստ վերջին ելոյթներուն, Ինթեր շատ աւելի հաւանականութիւն ունի յաղթելու, բայց… ֆութպոլը դաշտին վրայ կը խաղցուի, եւ ամէն բան կարելի է:

Հետաքրքրական մրցումի մը, Ռէալ Մատրիտ Սանթիակօ Պեռնապէոյի դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Սիթին:

Ռէալ Մատրիտ կիրակի օր 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց իր դաշտին վրայ Սելթա Վիկոյէն, եւ վաղը անակնկալ չ՛ըլլար, եթէ պարտութիւն մը եւս կրէ` նկատի ունենալով, որ այս տարի շատ անկայուն ֆութպոլ կը կիրարկէ:

Մարզիչ Չապի Ալոնսոյի խաղաձեւին շատ համամիտ չեն երեւիր կարգ մը մարզիկներ, եւ ատիկա կ՛երեւի արդիւնքներէն: Նոյնիսկ փոխարինման պահուն միշտ դժգոհ կ՛երեւին «աստղերը», որոնք կը կարծեն, թէ միշտ պէտք է մնան դաշտ, նոյնիսկ երբ լաւ ելոյթ չեն ունենար:

Մանչեսթըր Սիթի միշտ ալ լաւ ելոյթ կ՛ունենայ, բայց Ռէալ Մատրիտի դէմ դժուար կը թուի խաղալը, մանաւանդ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին:

Ստորեւ` այսօրուան եւ վաղուան մրցումներուն յայտագիրը.

Քայրաթ Ալմաթի – Օլիմփիաքոս
Պայերն Միւնիխ – Սփորթինկ Լիզպոն
Ինթեր Միլան – Լիվըրփուլ
Աթալանթա – Չելսի
Պարսելոնա – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
ՓՍՎ Այնտհովըն – Աթլեթիքօ Մատրիտ
Թոթենհամ – Սլավիա Փրակա
Սեն Ժիլուազ – Մարսէյ
Մոնաքօ – Կալաթասարայ

ՎԱՂԸ
Վիարէալ – Քոփենհակըն
Քարապաղ – Այաքս
Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Սիթի
Աթլեթիք Պիլպաօ – Փարիզ Ս. Ժ.
Տորթմունտ – Պոտօ Կլիմթ
Ֆ. Ք. Պրիւժ – Արսենալ
Պայեր Լեւերքուզըն – Նիւքեսըլ
Պենֆիքա – Նափոլի
Եուվենթուս – Փաֆոս

 

Նախորդը

Նէյմար Փրկեց Սանթոսը` Բ. Դասակարգէն

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». Լանտօ Նորիս` «Ֆորմիւլա 1»-ի Աշխարհի 35-րդ Ախոյեանը

RelatedPosts

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ
Մարզական

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

January 15, 2026
Քարիք Նշանակուեցաւ Եունայթըտի Մարզիչ, Իսկ Արպելոա` Ռէալ Մատրիտի
Մարզական

Քարիք Նշանակուեցաւ Եունայթըտի Մարզիչ, Իսկ Արպելոա` Ռէալ Մատրիտի

January 15, 2026
Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց
Մարզական

Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.