ՖԻՖԱ-ն վերջերս փոխած է ակումբներու ափրիկեցի ֆութպոլիստներուն մեկնելու ժամանակացոյցը: Արդարեւ, Ափրիկէի Ազգերու բաժակի մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ 21 դեկտեմբերէն 18 յունուար, Մարոքի մէջ, պատճառ պիտի ըլլայ, որ մեծ թիւով մարզիկներ լքեն իրենց ակումբներու մրցումները` միանալու իրենց ազգային խումբերուն:
Նախապէս սահմանուած էր 8 դեկտեմբերը իբրեւ վերջին ժամկէտ, բայց ՖԻՖԱ-ի վերջին որոշումին հիման վրայ ակումբները կրնան մարզիկներէն օգտուիլ մինչեւ 15 դեկտեմբերին:
Աւելի կանուխ, Լիվըրփուլի գլխաւոր մարզիչ Առնէ Սլոթ հաստատած էր, որ Եգիպտոսի ազգային խումբի խմբապետ Մոհամետ Սալահ ազգային խումբին պիտի միանայ 15 դեկտեմբերին:
Այս փոփոխութեան շնորհիւ, Սալահ կրնայ մասնակցիլ «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով Ինթեր Միլանի դէմ մրցումին (9 դեկտեմբեր) եւ «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով Պրայթընի դէմ (13 դեկտեմբեր) մրցումներուն:


