Ֆութպոլի աշխարհի մրցանակի` «Կլոպ Սաքըր Աուորտծ»-ի մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ 28 դեկտեմբերին, «Աթլանթիս Տը Ռոյըլ» պանդոկին մէջ», Տուպայ:
16-րդ մրցանակաբաշխութեան աւարտական հանգրուան հասած են 15 թեկնածուներ, որոնք ընտրուեցան համակիրներու քուէարկութեամբ:
Մրցանակին համար կը պայքարին Ուսման Տեմպելէ, Տեզիրէ Տուէ, Էրլինկ Հաալանտ, Աշրաֆ Հաքիմի, Վինիսիուս Ժունիոր, Քվիչա Քվարացխելիա, Ռոպերթ Լեվանտովսքի, Քիլիան Էմպափէ, Նունօ Մենտեշ, Քոլ Փալմըր, Փետրի, Ռաֆինիա, Մոհամետ Սալահ, Վիթինիա եւ Լամին Եամալ:
Նշենք, որ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 6 անգամ շահած է այս մրցանակը, մինչ անցեալ տարի մրցանակը շահած էր պրազիլցի Վինիսիուս Ժունիոր:


