Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նորընտիր Ազգային Ժողովի Առաջին Նիստը` 31 Մայիսին

May 21, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան յայտարարած է, որ Հայաստանի նոր Ազգային ժողովի առաջին նիստը պիտի սկսի 31 մայիսին` ժամը 10:00-ին:

Վկայակոչելով Հայաստանի սահմանադրութիւնը` ան նշած է, որ նորընտիր Ազգային ժողովի նիստը պիտի գումարուի, եթէ նորընտիր պատգամաւորներուն երկու երրորդը ընտրուած ըլլայ: «Ուստի, հիմք ընդունելով Հայաստանի Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքը եւ Հայաստանի սահմանադրութիւնը, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը Հայաստանի նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստը նշանակում է սոյն թուականի Մայիսի 31-ին», ըսած է Տիգրան Մուկուչեանը:

Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին համաձայն, առաջին նստաշրջանի բացման ընթացքին ողջոյնի խօսք արտասանելու իրաւունք կ՛ունենան հանրապետութեան նախագահը եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը: Ապա պատգամաւորները կ՛երդնուն` «Յանուն համազգային նպատակների իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման` երդւում եմ բարեխղճօրէն կատարել ժողովրդի առաջ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ շահերի պահպանմանը, անել ամէն ինչ քաղաքացիական համերաշխութեան, ազգային ու համամարդկային արժէքների պահպանման համար»:

Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքը կը ճշդէ նաեւ առաջին նստաշրջանի հետագայ ընթացքը. պատգամաւորներուն երդումէն ետք նիստը վարողը կը ներկայացնէ պատգամաւորները`  կարդալով իւրաքանչիւրին անունը, մականունը, ընտրատարածքի թիւը կամ կուսակցութեան, կուսակցութիւններու դաշինքի անունը, որմէ ետք կը կատարուի պատգամաւորներու պաշտօնական արձանագրութիւն:

Առաջին նիստի օրակարգին վրայ նկատի առնուած են քանի մը կէտեր` հաշուական յանձնախումբի ընտրութիւն, Ազգային ժողովի նախագահի եւ  նախագահի տեղակալներու ընտրութիւններ: Նոյն նիստին կ՛որոշուին նաեւ Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու թիւը, անունները եւ գործունէութեան ոլորտները, ինչպէս նաեւ կ՛ընտրուին այդ յանձնախումբերուն նախագահները: Նշենք, որ Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու թիւը առաւելագոյնը պէտք է ըլլայ 12, ինչպէս էր նախորդի պարագային

 

 

Նախորդը

Հանդիսաւորապէս Նշուեցաւ Բերդաձորի Եւ Քաշաթաղի Ազատագրման 20-Ամեակը

Յաջորդը

Հակառակորդին Կողմէ Անցեալ Շաբաթ Արձակուած Է Աւելի Քան 1600 Կրակոց

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.