Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր ու համայնքային կեանքին 70-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան, շաբաթ 22 նոյեմբերին եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գնահատանքի երեկոյ` նուիրուած եկեղեցւոյ երկարամեայ նուիրեալներուն:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Ան ըսաւ, որ եկեղեցւոյ յոբելենական տարեդարձը առիթ մըն է շնորհակալութեամբ յիշելու բոլոր անոնք, որոնք տարբեր ժամանակներու մէջ իրենց շօշափելի կամ անտեսանելի ներդրումը բերին, որպէսզի Ս. Յակոբ եկեղեցին մնայ կանգուն, գուրգուրոտ եւ լուսաւորող, աւելցնելով, որ սոյն երեկոն նուիրուած է այն անձերուն, որոնք տարիներ շարունակ հանդարտ եւ անաղմուկ, բայց հաստատ ու անմար նուիրումով ծառայած են մեր եկեղեցւոյ, մեր հաւատացեալ ժողովուրդին եւ մեր ազգային արժէքներուն, աւելցնելով, որ անոնց վաստակը միայն աշխատանք չէ, այլ` սիրոյ, հաւատքի եւ պատասխանատուութեան արտայայտութիւն:
Այնուհետեւ Ժան Փիեր Վարդանեան կիթառի վրայ նուագեց Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը, իսկ Մարօ Սարգիսեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Հրաշք հոգեգալուստին» քերթուածը:
Օրուան պատգամախօս Աբրահամ աբղ. Ճուլֆայեան դիտել տուաւ, որ հաւաքուած ենք վսեմ նպատակով, որ պարգեւատրումը եւ գնահատանքն է քրիստոնէական մեծ առաքինութիւններէն մէկուն` ծառայութեան, որուն առաջին մղիչ ուժն է սէրը: Ան ըսաւ, որ մանաւանդ` հայկական իրականութեան մէջ կայ երկու տեսակ մարդկային ծառայութիւն. Ա) համամարդկային, որ ծառայութիւն է` մարդկութեան, միջավայրին, ընկերութեան եւ Բ) ազգային, որ մեզի շատ տուած է եւ փոխադարձ մենք պէտք է մեր բաժինը տանք: «Որքա՜˜ն վսեմ է ազգային ծառայութիւնը: Մէկը իր ժամանակը, իր կարողութիւնը տրամադրէ ազգին: Ազգը` այն հաւաքականութիւնը, որով մարդ կը կողմնորոշէ իր ինքնութիւնը, կ՛ունենայ իր հաւաքական ինքնագիտակցութիւնը» հաստատեց Աբրահամ աբղ. Ճուլֆայեան` աւելցնելով, որ Եկեղեցին ազգային ծառայութեան կեդրոնն է, ազգային ծառայութեան գաղափարի յղացողն է, որմէ բխած են ամէն տեսակի գաղափարի, ծառայութեան կերպեր եւ ձեւեր: Ան ըսաւ, որ ծառայողը իր վարձատրութիւնը ունի, որ Աստուծոյ վարձատրութիւնն է:
Այնուհետեւ Ալիս Իփրաճեան-Թէքեան մեկնաբանեց երգ մը:
Անկէ ետք, ձեռամբ Աբրահամ աբղ. Ճուլֆայեանի, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սիմէոն քհնյ. Կարապետեանի եւ թաղականութեան ատենապետ Յակոբ Էքմէքճեանի, տեղի ունեցաւ պարգեւատրում: Յուշատախտակներով պարգեւատրուեցան հետեւեալ ազգայինները` Արամ Թոքաթլեան, Վահագն Դաւիթեան, Աստղիկ Պօղոսեան, Անդրանիկ Սարգիսեան, Յովիկ Սեմերճեան, Վերժին Սիւնկիւլեան, Ճորճ Վարդանեան, Եւնիկէ Եագուպեան, Մարօ Անտոնեան, Շուշիկ Տուտագեան, Յակոբ Քէլէշեան, Վարդուկ Քէլէշեան, Ժան Ներսէսեան, Յակոբ Ալլըքեան, Վաչէ Արսլանեան, Պերճ Կարապետեան, Կարպիս Ճապուրեան, Ժագ Մանուշակեան, Էլտա Պալաղամեան, Ալիս Եաղճեան:
Պարգեւատրեալներուն անունով սրտի խօսք արտասանեց Անդրանիկ Սարգիսեան, որ շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց թաղականութեան, որ այս գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր եւ մաղթեց, որ յառաջիկային նշանակուող թաղականները իրենց աշխատանքը եւս գնահատեն:
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յակոբ Էքմէքճեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ ծառայելը Աստուծոյ կողմէ շնորհք մըն է` տրուած մարդ անհատին, եւ օրուան պարգեւատրեալները եկեղեցւոյ ճամբով ծառայած են Աստուծոյ եւ մեր ազգին անշահախնդրօրէն, առանց որեւէ ակնկալիքի: «Մենք բոլորս հպարտ ենք ձեզմով, որովհետեւ ձեր ծառայութեան բարի օրինակը խթան կը հանդիսանայ նորահաս սերունդին», հաստատեց Յ. Էքմէքճեան` աւելցնելով, որ վստահաբար այս պահուն իրենց մտքերուն եւ սրտերուն մէջ կը տողանցեն տարիներու իրենց նուիրումը, աշխատանքը, ծանր եւ դժուար օրերը, ինչպէս նաեւ ուրախ եւ յաջողութեամբ պսակուած բոլոր ձեռնարկները: Եզրափակելով իր խօսքը` Էքմէքճեան շնորհաւորեց պարգեւատրեալները` անոնց մաղթելով քաջառողջութիւն եւ յաջողութեամբ լեցուն օրեր:






