Երկուշաբթի, 24 նոյեմբեր 2025-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Ղազանչեան ընտանիքի` Գագիկի, Լիլիթ Սողոմոնեանի եւ Գայի ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսը կը վայելէր «Ժապեր» ֆոնտի հիմնադիր եւ տնօրէն Ֆիլիփ Ժապերի հովանաւորութիւնը:
Ցուցասրահին անունով բարի գալուստի եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց Հայկազեան եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարաններու դասախօս Անիթա Մուչոյեան, որ իւրայատուկ նկատեց միացեալ ցուցահանդէսը Ղազանչեան ընտանիքի անդամներուն, որոնք այս ձեւաչափով առաջին անգամն է որ հանդէս կու գան միասնաբար: Ապա ան անդրադարձաւ երեք արուեստագէտներուն անցած ստեղծագործական ուղիին եւ հաստատեց, որ անոնք հայկական միջավայրէն դուրս եւս ծանօթ անուններ են:
Անիթա Մուչոյեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան յատուկ խօսք ուղղեց Ֆիլիփ Ժապերին, որ սիրայօժար ստանձնած է այս կարեւոր ցուցահանդէսի հովանաւորութիւնը: Անդրադառնալով անոր բարեմասնութիւններուն` ան յայտնեց, որ այսօրուան հովանաւորը լուսարձակներէ հեռու նորահաս սերունդներու կազմաւորման ու անոնց մասնագիտութեանց խորացման մէջ պատկառելի աշխատանք կը տանի, եւ հարիւրաւոր համալսարանական ուսանողներ ու մասնագէտներ կ՛օգտուին անոր հաստատած ֆոնտէն: Ան աւելցուց, որ Ֆ. Ժապեր արուեստի մեծ սիրահար մըն է եւ ունի կերպարուեստի իւրայատուկ հաւաքածոյ մը Լիբանանի մէջ:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին անունով Մուչոյեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Մաժետ Քոսթանթինի, որ միշտ ալ նեցուկ կանգնած է Համազգայինի առաքելութեան, նաեւ՛ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանին, որ դերակատար դարձաւ այս ցուցահանդէսի կազմակերպման եւ արուեստագէտներու հիւրընկալման աշխատանքներու դիւրացման, ան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, որ միշտ ալ զօրավիգ է ցուցասրահի գործունէութեան եւ ծրագիրներուն:
«Դժբախտաբար, այսօր այս ցուցահանդէսի բացումը կը կատարենք մեր ազնիւ բարերարներ տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններու բացակայութեան: Թող անոնց յիշատակը մնայ անթառամ: Վստահ ենք, որ անոնց զաւակները պիտի շարունակեն իրենց ծնողներու մշակութանուէր եւ ազգանուէր առաքելութիւնը եւ միշտ պիտի կանգնին մեր կողքին», եզրափակեց Մուչոյեան:
Բացման հանդիսութեան հանդէս եկաւ հայրենի տաղանդաւոր ջութակահար եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէն խորհուրդի անդամ եւ դասատու Արմէն Ճէնտէրէճեան: Ապա երեք արուեստագէտները յաջորդաբար արտասանեցին իրենց շնորհակալական եւ ողջոյնի խօսքերը: Անոնք վեր առին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կարեւոր դերակատարութիւնը, յատկապէս` Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապերու ամրացման, խորացման եւ փոխծանօթացման առումով: Արուեստագէտները նաեւ անդրադարձան անցնող տարիներու ցուցասրահին հետ իրենց ունեցած փորձառութեան եւ այս իմաստով նաեւ բարձր գնահատեցին ցուցասրահին կողմէ անցնող տարիներուն հայրենի մեծ թիւով արուեստագէտներու հիւրընկալումը եւ անոնց ցուցահանդէսներու կազմակերպումը:
Ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց օրուան հովանաւոր Ֆիլիփ Ժապերը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մշակոյթի զարգացման ու նորահաս սերունդներու կազմաւորման կարեւոր աշխատանքին` աւելցնելով, որ ան իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Լիբանանի մէջ եւ կ՛առաջնորդուի համայնքային խտրականութենէ հեռու մնալու համոզումով եւ սկզբունքով, այդպիսով ալ իր հաստատած ֆոնտէն կ՛օգտուին Լիբանանի բոլոր համայնքներու զաւակները, ներառեալ հայերը անշուշտ:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ներկայութեան եւ ցուցաբերած զօրակցութեան ու անդրադարձաւ Ղազանչեան ընտանիքին հետ ցուցասրահին ունեցած լայն գործակցութեան, որ պիտի շարունակուի յառաջիկային եւս: Ան յայտնեց, որ Համազգայինի «Լիւսի Թիթիւնճեան» ցուցասրահը Լիբանանի ապրած իրերայաջորդ տագնապներուն ու ցնցումներուն պատճառով անցնող տարիներուն իր աշխատանքը սահմանափակեց հաւաքական ցուցահանդէսներու կազմակերպումով եւ այսօ՛ր` համեմատաբար աւելի բարենպաստ պայմաններու յառաջացումով, կը վերադառնայ իր երբեմնի գործունէութեան: Հաւաթեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ այդ գործունէութեան նոր խանդ ու լիցք կը հաղորդէ աշխուժ այս ցուցահանդէսը, եւ հաւաստիացուց, որ հաւաքական ճիգերով կարելի պիտի ըլլայ ցուցասրահին առաքելութիւնը պահել ու զարգացնել:
Ղազանչեան ընտանիքին ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ երեք արուեստագէտներէն 59 արուեստի մեծ եւ փոքր աշխատանքներ: Երեք ոճերու գեղեցիկ համադրումով մը ընտանիքի անդամները յաջողած են ստեղծել հարուստ խճանկար մը, ուր դիտողը պիտի ըմբոշխնէ կերպարուեստի տարբեր ուղղութիւններ, մեթոտներ եւ ստեղծագործական յղացքներ: Գոյներու, շարժումներու, լոյսերու եւ արտայայտութիւններու համարձակ ու միաժամանակ խորհրդաւոր համադրումով մը իւրաքանչիւր արուեստագէտ անմիջապէս կը գրաւէ դիտողին ուշադրութիւնը եւ կը մղէ զայն խորասուզուելու իր ապրումներուն, հայեացքներուն ու կեանքի հարուստ ըմբռնողութեան մէջ: Այլ խօսքով, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ այս օրերուն կերպարուեստի համակող ու մագնիսացնող միջավայր մը ստեղծուած է, եւ իւրաքանչիւր անհատի այցելութիւնը վստահաբար յաւելեալ կերպով պիտի կենսաւորէ աշխատանքները, միաժամանակ նաեւ այցելողը պիտի ապրի գեղեցիկ ու անկրկնելի պահ մը` հեռու մեր առօրեան մշուշապատած բոլոր դժուարութիւններէն եւ տագնապներէն:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 6 դեկտեմբեր 2025 եւ կարելի է այցելել առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:





