Երէկ Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու վեհաժողովը, որուն մասնակցեցան` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշնեքօ, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւ, Խըրխըզիստանի նախագահ Սատիր Ճափարով, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոն եւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթով:
ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի Պիշքեքի վեհաժողովին որդեգրուած հռչակագիրին մէջ կը նշուի. «Մենք գոհունակութեամբ կը նշենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ աշխուժ միջպետական երկխօսութիւնը: Մենք կողմնակից ենք համապարփակ կարգաւորման եւ կողմերու միջեւ անվերապահ խաղաղութեան համաձայնագիրի արագ կնքման»:


