Իրենց պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Փորթուգալ եւ Աւստրիա հասան պատանիներու (17 տարեկանէն վար) Մոնտիալի աւարտական մրցում:
Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցած այս Մոնտիալի կիսաւարտականին, Աւստրիա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իտալիան: Եոհանես Մոզըր (2) նշանակեց Աւստրիոյ 2 կոլերը` 57-րդ եւ 93-րդ վայրկեաններուն: Պենեթ Պորասիօ (92-րդ վայրկեան) եւ Սամուելէ Ինասիօ (98-րդ վայրկեան) կարմիր քարտեր ստացան:
Միւս կիսաւարտականին Փորթուգալ 7 փենալթիներէ ետք միայն կրցաւ պարտութեան մատնել Պրազիլը` մրցումը ճերմակ հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք եւ վճռական փենալթիներու դիմելէ ետք:


