«Էն. Պի. Էյ.»-ի Արեւելեան շրջանին մէջ Տիթրոյիթ Փիսթընզ պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ ոչ թէ պատահմամբ, այլ 13-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրելէ ետք: Առաջին 4 մրցումներուն 2 յաղթանակ եւ 2 պարտութիւն կրած Փիսթընզ, 1989-1990 եւ 2003-2004 տարեշրջաններուն ախոյեանութիւն շահած տարիներուն միայն այս ձեւի մրցանիշ հաստատած էր:
Քէյտ Քանինկհամ 24 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տիթրոյիթի, որ Ինտիանայի մէջ 122-117 արդիւնքով յաղթեց, հակառակ Ինտիանայի Բ. կիսախաղին պայքարին:
Ճէյլըն Տիւրեն (17 կէտ, 12 ռիպաունտ), Քարիս Լըվերթ (19 կէտ), Աուսար Թոմփսըն (13 կէտ), Թոպիաս Հերիս (12 կէտ) եւ Ճէյտըն Այվի (12 կէտ) խմբային գեղեցիկ մրցում ունեցան ի նպաստ Տիթրոյիթի: Ինտիանա, որ տակաւին կը խաղայ առանց Թայրիս Հալիպըրթընի (վիրաւոր), կրեց տարեշրջանի իր 15-րդ պարտութիւնը, հակառակ անոր որ Փասքալ Սիաքամ 24 կէտ նշանակեց: Ինտիանա Տիթրոյիթի արդիւնքներուն հակապատկերը ունի եւ միայն 2 մրցում կրցած է յաղթել, մինչ Տիթրոյիթի 15-րդ յաղթանակն էր (2 պարտութիւններէ ետք):
Հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Ֆինիքս Սանզ Արիզոնայի մէջ 114-92 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Հիուսթըն Ռոքեթցէն:
Ռոքեթց որմէ կը բացակայէր Ֆինիքսի նախկին մարզիկ Քեւըն Տիւրենթ (այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով) իր վերջին 13 մրցումներուն 11-րդ յաղթանակը տօնեց, մինչ Սանզի յաջորդական յաղթանակներու շարքը կանգ առաւ թիւ 3-ին վրայ:
Էյմըն Թոմփսըն 28 կէտ նշանակեց, մինչ պահեստի մարզիկ Արոն Հոլիտէյ 22 կէտ աւելցուց Հիուսթընի հաշուոյն: Տիլըն Պրուքս 29 կէտ նշանակեց, մինչ Տեւըն Պուքըր աւելցուց 18 կէտ ի նպաստ Սանզի, որ 20 թըրն-օվըր կատարեց` պատճառ դառնալով Հիուսթընի 26 կէտերուն:
Այլ խումբ մը, որ բաւական յաջող ելոյթներ կ՛ունենայ վերջերս, Թորոնթօ Ռեփթըրզն է, որ իր 8-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով Քլիվլենտ Քեվելիրզը` 110-99 արդիւնքով:
Պրենտըն Ինկրամ իր 37 կէտերուն 15-ը նշանակեց 3-րդ մասին, մինչ Սքոթի Պրանզ 18 կէտ եւ 11 ռիպաունտ աւելցուց Ռեփթըրզի հաշուոյն: Քլիվլենտի լաւագոյն մարզիկն էր Տոնավըն Միչել, որ 17 կէտ նշանակեց միայն:
Տենվըր Նակեթց 125-115 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեմֆիս Կրիզլիզը, ուր սերպ Նիքոլա Եոքիչ 17 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 16 էսիսթ ձեռք ձգեց` տարեշրջանի իր 10-րդ թրիփըլ տապըլը արձանագրելով:
Շիքակօ Պուլզ 143-130 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի դաշտին վրայ: Սատտիք Պէյ 20 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Փելիքընզի, որ տարեշրջանի իր 3-րդ մրցումը յաղթեց, մինչ Պուլզ իր 8-րդ պարտութիւնը կրեց 17-րդ մրցումին:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 117-122
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 110-99
Պրուքլին Նեթց – Նիւ Եորք Նիքս 100-113
Մայեմի Հիթ – Տալաս Մեւրիքս 106-102
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տենվըր Նակեթց 115-125
Միլուոքի Պաքս – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըր 103-115
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Շիքակօ Պուլզ 143-130
Ֆինիքս Սանզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 92-114
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Եութա Ճէզ 134-117
Սաքրամենթօ Քինկզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 117-112


