40 տարեկան հասակին հայ ամերիկացի բռնցքամարտիկ Վանէս Մարտիրոսեան: Անոր մահուան պատճառը ստամոքսի քաղցկեղն է, որուն դէմ մարզիկը կը պայքարէր մէկ տարիէ ի վեր:
Մարտիրոսեան հայ եւ ամերիկեան բռնցքամարտի ամէնէն ազդեցիկ դէմքերէն մէկն էր: Ան 8 անգամ Հայաստանի ախոյեան դարձած էր, Միացեալ Նահանգներու «Կոլտըն կլովզ» տիտղոսի դափնեկիր, ինչպէս նաեւ 2004-ի Ողիմպիականի խաղերու մասնակից: Ան բազմիցս բարձրացած է մրցանակներու հարթակ` շահելով «Էն. Էյ. Պի. Էֆ.» աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը, «Էն. Էյ. Պի. Օ.»-ի տիտղոսը, «Տապըլեու Պի. Էյ. Ինթըրնեշընըլ», «Տապըլիու Պի. Սի. Սիլվըր» եւ «Տապըլեու Պի. Օ. Ինթեր Քոնթինենթըլ» գօտիները միջին կշիռի կարգին մէջ:
Մարտիրոսեանի վերջին մենամարտը տեղի ունեցած էր 2018-ին` Կենատի Կոլովքինի դէմ:
Կեանքի իր վերջին ամիսներուն մարզիկը բացայայտ կը պատմէր իր հիւանդութեան դէմ պայքարին մասին: Անոր խօսքերը դարձան հրաժեշտի ուղերձ… «Պարզապէս կ՛աղօթեմ Աստուծոյ, որ բուժէ ինծի… կ՛աղօթեմ հրաշքի մը համար: Բժիշկները ըսին, որ ասիկա հազուագիւտ հիւանդութիւն է, որ կրնայ հանդիպիլ մարդոց 1 առ հարիւրին: Եղբայրս սրտի կաթուածի հետեւանքով մահացաւ 40 տարեկանին… Մայրս ու հայրս իրենց տեղը արդէն գրաւած են անոր կողքին… Իրենց ըսի, որ չեմ ուզեր ըլլալ յաջորդը…»:
Մարզական աշխարհը տաղանդաւոր բռնցքամարտի կորուստը կը սգայ: Ան պայծառ հետք ձգեց բռնցքամարտի պատմութեան մէջ:


