Երբ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը խաղաղութեան վերջնական համաձայնագիր ստորագրեն, մենք պատրաստ պիտի ըլլանք Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:
«Եթէ մենք այս պահուս կարգաւորենք յարաբերութիւնները, մենք պիտի վերացնենք Հայաստանի համար Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու մեծագոյն պատճառը: Հետեւաբար, մենք կրնանք բախիլ շրջանին մէջ սառեցուած տագնապի կարելիութեան: Մենք ատիկա չենք ուզեր», ըսած է Ֆիտան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, թէ ուաշինկթընեան համաձայնութիւններուն մէջ «չեն քննարկուիր երկու հարցեր. մէկը` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցը, միւսը` Հայաստանի սահմանադրութեան առնչուած որոշակի հարցեր»:
Ան նշած է, որ երբ այդ հարցերը լուծուին, եւ վերջնական համաձայնագիրը ստորագրուի, Թուրքիան պիտի բանայ Հայաստանի հետ իր սահմանները:


