Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ընդունած է Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոն: Կառավարութեան համաձայն, անոնք քննարկած են շրջանային զարգացումները:
Փոխվարչապետն ու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը անդրադարձած են շրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կարելիութիւններուն եւ կարեւորութեան, երկուստեք ընդգծած են սահմանազատման գործընթացի շարունակականութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոս:
Ամսուան սկիզբը Մակտալենա Կրոնօ ընդունուած էր Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ: Անոնք քննարկած էին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:


