Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակեց Վաղարշապատի ընտրութիւններուն արդիւնքները: Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը ստացաւ 15298 ձայն, «Յաղթանակ» կուսակցութիւններու դաշինքը` 10051 ձայն, «Մայր Հայաստան»-ը` 1692 ձայն: Միւս քաղաքական ուժերը չանցան անցողիկ շեմը: