Պէյրութ Մարաթոն միութիւնը կը կազմակերպէ աղջկանց «սփինիզ» վազքի մրցումը` համագործակցութեամբ Ճիւնիի քաղաքապետարանին հետ:
«Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտէն պիտի սկսի մրցումը եւ պիտի աւարտի նոյն վայրին մէջ` անցնելէ ետք շրջանի ծովեզերեայ ճամբէն:
5 քմ վազքին կրնան մասնակցիլ տղաք ալ, մինչ այլ մրցում մըն ալ պիտի ըլլլայ նոյն երկարութեամբ աւելի քաջալերական ձեւով, ուր կը մասնակցին ընդհանրապէս յայտնի մարդիկ, առաւել 7 քմ մրցում մը` մայրերու եւ իրենց զաւակներուն համար: Արձանագրութիւնները կը շարունակուին beirutmarathon.org կայքին վրայ:


