Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ճէյլըն Ճոնսընի Ասպարէզի Լաւագոյն Մրցումին Աթլանթա Յաղթեց

November 15, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, Սոլթ Լէյք Սիթիի մէջ (Եութա) Ճէյլըն Ճոնսըն իր ասպարէզի լաւագոյն մրցումը ունեցաւ` նշանակելով 31 կէտ, 18 ռիպաունտ, 14 էսիսթ եւ 7 սթիլ իր խումբը` Աթլանթա Հոքսը առաջնորդելով 132-122 արդիւնքով յաղթանակի` Եութա Ճեզի դէմ:

Ճոնսըն իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը եւ սթիլները կատարեց` իրագործելով 3-րդ թրիփըլ տապըլը:

Առանց Թրէյ Եանկի, Հոքս յաջորդական 4-րդ մրցումը յաղթեց` 24 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով, այս տարեշրջանի առաւելագոյնը` «Էն. Պի. Էյ.»-ի բոլոր խումբերուն:

Օնիեքա Օքոնկվա 14 փորձերէն 8 յաջող 3 կէտնոց կողովներ ձեռք ձգեց իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը ձեռք ձգելով (32 կէտ):

Լաուրի Մարքանէն 40 կէտ նշանակեց ի նպաստ Եութայի, որ իր 8-րդ պարտութիւնը կրեց 12 մրցումներու ընթացքին: Ասիկա Աթլանթայի համար 8-րդ յաղթանակն էր 13 մրցումներու ընթացքին:

Ֆինիքս Սանզ Արիզոնայի մէջ իր 17 հազար համակիրները ուրախ պահեց` ձեռք ձգլով 133-98 արդիւնքով յաղթանակ մը, որ եղաւ իր յաջորդական 5-րդը:

Տեւըն Պուքըր 33 կէտ նշանակեց, իսկ Տիլըն Պրուքս աւելցուց 32 կէտ Ինտիանայի դէմ, ուր անցեալ եղանակին Արեւելեան շրջանի ախոյեանն էր, բայց այս տարի «հարստացած» է վիրաւորներով…

Ինտիանա 133 կէտեր ստացաւ 2 օր առաջ 152 կէտ ստանալէ ետք Եութա Ճեզի դէմ մրցումին:

Քլիվլենտ Քեվելիրզ 113-126 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Թորոնթօ Ռեփթըրզէն: Քլիվլենտի 5-րդ պարտութիւնը (13-րդ մրցումին) շատերու համար սպասելի էր, մանաւանդ որ կը բացակայէին Լոնզօ Պոլ, Մաքս Սթրաս, Տարիըս Կարլենտ, Քրիս Լիվինկսթոն եւ Ճէյլըն Թայսըն: Տոնավըն Միչել 31 կէտ նշանակեց, իսկ Տիանտրէ Հանթըր 16 կէտ աւելցուց, բայց Էվըն Մոպլի (7 կէտ) եւ Ճերըթ Էլըն (6 կէտ) լաւ վիճակի մէջ չէին Քլիվլենտի կազմէն:

Թորոնթոյէն երեք մարզիկներ 20-է աւելի կէտեր նշանակեցին, ուր փայլեցան Սքոթի Պարնզ (28 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), Էմմանուէլ Քուիքլի (25 կէտ) եւ Եաքոպ Փէօլթլ (20 կէտ):

Արեւելեան շրջանի դասաւորման մէջ Տիթրոյիթ Փիսթընզ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը` իր 12 մրցումներէն յաղթելով 10-ն, մինչ անցեալ տարուան ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր 13 մրցումներուն միայն 1 պարտութիւն կրած է եւ Արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքը կը գրաւէ:

Նախորդը

Տեսակէտ. Մեր Խօսոյթը` 2030-ին

Յաջորդը

Գոռ Մինասեան Ասիոյ Նոր Մրցանիշ Իրագործեց

RelatedPosts

Նշմար.  «Ռութին»-ը Եւ Փոփոխութիւնը…
Մարզական

Նշմար. «Ռութին»-ը Եւ Փոփոխութիւնը…

January 13, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  2026-ի Ծառուկեանի Առաջին Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» 2026-ի Ծառուկեանի Առաջին Յաղթանակը

January 13, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Գերբաժակակիր. Պայերն 8 Կոլեր Նշանակեց. Ինթեր Միլան Անբախտ Էր
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Գերբաժակակիր. Պայերն 8 Կոլեր Նշանակեց. Ինթեր Միլան Անբախտ Էր

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.