Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցած իսլամական երկիրներու համերաշխութեան խաղերուն, Պահրէյնի հաւաքականը ներկայացնող հայ ծանրաբարձ Գոռ Մինասեան ոսկի մետալ նուաճեց գերծանր կշիռի (110 քիլոկրամէն աւելի) մրցումներուն:
Ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Մինասեան 460 քկ ձեռք ձգեց երկամարտի հաշուով` 213 քկ բարձրացնելէ ետք արաշէի եւ 247 քկ բարձրացնելէ ետք էփոլէ ժըթէի մրցումներուն:
Արաշէի եւ երկամարտի արդիւնքները Ասիոյ նոր մրցանիշներ էին Մինասեանի համար:
31 տարեկան Մինասեանի ետին Ալի Ռուպայեւ (Իրաք) գրաւեց Բ. դիրքը, իսկ Ռեզա Հասանփուր (Իրան) գրաւեց 3-րդ դիրքը:


