Սէուտական Արաբիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ իսլամական երկիրներու համերաշխութեան մարզական խաղերու 6-րդ մրցաշարքը, ուր Լիբանան վերադարձաւ 3 պրոնզ մետալներով:
Արդարեւ, լուղորդ Լին Հաժ 100 եւ 200 մեթր լողարշաւի պրոնզ մետալները շահելէ ետք, վերջին օրը 50 մեթր լողարշաւի մրցումին ալ գրաւեց 3-րդ դիրքը եւ 32,69 երկվայրկեան ժամանակ արձանագրելով շահեցաւ պրոնզէ մետալ մը եւս:


