ՖԻՏԷ-ի 2025 աշխարհի բաժակի չորրորդ հանգրուանին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Շանթ Սարգիսեան առաջին երկու դասական մրցումները հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք թայ-պրէյքի արագ ճատրակի մրցումներուն 1,5-0,5 արդիւնքով պարտութիւն կրեց գերմանացի Ֆրետերիք Ցվանէն եւ դուրս մնաց:
Այժմ Հայաստան մէկ ներկայացուցիչ ունի 5-րդ հանգրուանին, ուր Գաբրիէլ Սարգսեան պիտի մրցի Ուզպեքիստանի Նոտիրպեք Եաքուպոյեւի դէմ:
Գաբրիէլ իր կարգին թայ-պրէյքով 1,5-0,5 դուրս ձգած էր իր մրցակից Աուոնտըր Լիանկը (Միացեալ Նահանգներ): Եաքուպոյեւ դուրս ձգած էր թիւ 60 դասուած հնդիկ Վի. Փրանաւը 1,5-0,5 արդիւնքով:
Լեւոն Արոնեան 1,5-0,5 արդիւնքով դուրս ձգեց լեհ Ռատոսլաւ Վոյթասեքը, մինչ Սամուէլ Սեւեան երկար պայքարէ ետք դուրս ձգեց իտալացի Լորենցօ Լոտիչին` 6-5 արդիւնքով:
15-րդ դասուած Արոնեան իր դէմ պիտի ունենայ թիւ 2 դասուած հնդիկ վարպետ Արժուն Էրիկայսին, մինչ Սեւեան պիտի մրցի թիւ 7 դասուած Չինաստանի ներկայացուցիչ Եի Ուէյի դէմ:


