Հայաստանի ազգային խումբը 1-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Հունգարիայէն եւ կորսնցուց թուաբանական հաշիւներով փլէյ-օֆի հասնելու իր յոյսերը:
Մրցումի միակ կոլը նշանակեց Պառնապաս Վարկա` Տոմինիք Սոպոսլայի փոխանցումէն ետք:
Եղիշէ Մելիքեանի կազմը բաւական երիտասարդներով հարուստ էր վիրաւորներու մեծ թիւին պատճառով: Ազգային խումբին հետ առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցաւ Կարէն Նալպանտեան 76-րդ վայրկանին: Հայաստան 5-2-3 խաղաոճով դաշտ ներկայացաւ, բայց Բ. կիսախաղին խաղաոճը փոխուեցաւ 4-4-2-ի, ուր Էրիք Փիլոյեան հանդէս եկաւ ծայրի դիրքի վրայ:
Բ. կիսախաղին խմբապետ Էտուարտ Սփերձեան անհատական գեղեցիկ շարժումով խաբելէ ետք երկու մրցակից տուաւ ուժգին հարուած մը, որ անցաւ բերդէն քիչ մը բարձր: Լաւ առիթ ունէր նաեւ Արայիկ Էլոյեան վերջին երկվայրկեանին, Արթուր Սերոբեանի փոխանցումէն ետք, սակայն երիտասարդ յառաջապահը չկրցաւ հարուածել գնդակը շատ յարմար դիրքէն օգտուելով:
Նոյն խմբակին մէջ, անակնկալ արդիւնքով մը, Փորթուգալ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Իրլանտայի դաշտին վրայ:
Բ. կիսախաղին, խմբապետ Ռոնալտօ իր ասպարէզի առաջին կարմիր քարտը ստացաւ ազգային խումբին հետ, երբ արմուկով հարուածեց մրցակիցի մը:
Ֆրանսա շահեցաւ Մոնտիալի իր տոմսը` 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուքրանիոյ: Քիլիան Էմպափէ (2), Մայքըլ Օլիսէ եւ Ուկօ Էքիթիքէ նշանակեցին Ֆրանսայի 4 կոլերը:


