Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուասլ. Ռիատի Յաղթեց Սաժեսին` 87-80 Արդիւնքով

Նոյեմբեր 14, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արեւմտեան Ասիոյ սուփըր լիկ»-ի (Ոասլ) մրցումներուն գծով չորեքշաբթի գիշեր Ռիատի 87-80 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաժեսը:

Արդիւնքը շատ չ՛արտացոլացներ մրցումին պատկերը, ուր ախոյեան Ռիատի մեծ դժուարութիւն կ՛ունենար Եուսեֆ Խայաթի եւ ընկերներուն դէմ, որոնք մինչեւ 3-րդ մասի կէսերը դէպի յաղթանակ կը սուրային:

Երբեմն անբացատրելի կը թուի Սաժեսի անկարողութիւնը` մրցում մը յաղթական աւարտելու, հակառակ անոր որ միշտ ալ պատճառաբանութիւններ կ՛ըլլան: Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ Ռիատի ախոյեանի իր դիրքը վարպետօրէն կը ցուցաբերէ մանաւանդ մրցումի վերջին մասին, ըլլայ Լիբանանի ախոյեանութեան, ըլլայ Ուազի մրցաշարքին:

Եթէ անհատաբար գնահատենք մարզիկները, կրնայ ըլլալ, որ Սաժես աւելի լաւ որակով մարզիկներ ունի, բայց ճիշդ պատճառը ի՞նչ է, որ խումբը որոշ մակարդակէ ետք կը նահանջէ, զարմանալի կը թուի: Կացութիւնը նոյնն է անցեալ տարիներէն, ուր միշտ ալ Սաժես լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելէ ետք, աւարտականին Ռիատիի դէմ չի յաջողիր: Ռիատիի դէմ Ուասլի մրցաշարքին ալ նոյն բանը կը պատահի:

Սկսելու համար, Սաժես մրցումէն առաջ յայտարարեց, թէ իր կարտերէն Թոնի Քար կռնակի մկանի պրկում ունեցած է եւ պիտի չկարենայ մասնակցիլ այս մրցումին, եւ նկատի առնելով, որ ան ներկայացուած էր իբրեւ հիմնական օտար 3 մարզիկներէն` Մաքուր Մէյքըրի եւ Էրիք Կրինի հետ, Սաժես զայն փոխարինեց Փարիս Պասով:

Մաքուր Մէյքըր բարձր հասակ ունենալով Ռիատիի երկարահասակ մարզիկներուն դէմք պայքարելու եւ ռիպաունտ ձեռք ձգելու համար նկատի առնուած էր, եւ բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ տապըլ-տապըլ ձեռք ձգելով (10 կէտ եւ 10 ռիպաունտ):

Էրիք Կրին բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ, բայց ան շատ լաւ ձեւով «հսկուած» էր Քարիմ Զէյնունի եւ Ալի Մանսուրի կողմէ, եւ 19 կէտերէ աւելի չկրցաւ նշանակել:

Եուսեֆ Խայաթ (Եոյօ) օտար մարզիկի մակարդակով ելոյթ ունեցաւ առաջին երեք մասերուն, բայց Ռիատիի լաւ կազմակերպուած պաշտպանողականին դիմաց (միայն 4-րդ մասին) չկրցաւ յաղթանակ կերտել Սաժեսի հետ:

Ալի Հայտար (16 կէտ), Ժատ Խալիլ (8 կէտ) եւ Ժերար Հատիտեան (7 կէտ) միջակ ելոյթ ունեցան:

Ռիատիէն լաւագոյն մրցումը ունեցաւ Ալի Մանսուր, որ գրեթէ ամողջ մրցումին պայքար ցուցաբերեց թէ՛ յարձակողական գործողութիւններուն, թէ՛ ալ պաշտպանողական: Խումբին օտար մարզիկները` Փերըն Պուֆորտ (23 կէտ), Մորիս Քեմփ (20 կէտ) եւ Իվան Պուվա (10 կէտ) 4-րդ մասին աւելի փայլեցան:

Մորիս Քեմփ պահեստի նստարանէն դուրս գալով մօտ 28 վայրկեան խաղցաւ` ձեռք ձգելով նաեւ 8 ռիպաունտ:

Պէտք է ըսել, որ Պուֆորտի 23 կէտերէն 14-ը 4-րդ մասին նշանակուեցան, ուր Ռիատի 29-18 արդիւնքով յաղթեց: Անոր 3 կէտնոց կողովն էր, որ խումբերը բաժնեց իրարմէ, երբ 74-74 էր արդիւնքը, մրցումի աւարտէն մօտ 3 վայրկեան առաջ:

Հայկ Կէօքճեան 17 կէտ աւելցուց եւ Ալի Մանսուրի հետ (14 կէտ, 6 ռիպաունտ, 13 էսիսթ եւ 2 սթիլ): Անոնք կրցան յաղթանակի գլխաւոր դերակատարներէն ըլլալ:

Ռիատի այժմ 2 յաղթանակներէ ետք կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, բայց Իրանի Կորկան խումբը 1 մրցում նուազ խաղցած է: Ռիատիի յաջորդ մրցումը Ղազախստանի մէջ Ասթանայի դէմ է (10 դեկտեմբերին), իսկ օր մը ետք Սաժես պիտի հիւրընկալէ Սուրիոյ Ուահտէն:

Նախորդը

«Մօտ 7 Տարի Ետք…» Կ՛ըսէ Ծառուկեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Մօտ 7 Տարի Ետք…»  Կ՛ըսէ Ծառուկեան
Մարզական

«Մօտ 7 Տարի Ետք…» Կ՛ըսէ Ծառուկեան

Նոյեմբեր 14, 2025
Ռոնալտօ. «2026-ի Մոնտիալը Իմ Վերջինս Է…»
Մարզական

Ռոնալտօ. «2026-ի Մոնտիալը Իմ Վերջինս Է…»

Նոյեմբեր 14, 2025
«Ֆինալիսիմա»-ի Թուականը Փոխուած
Մարզական

«Ֆինալիսիմա»-ի Թուականը Փոխուած

Նոյեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?