«Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի դասաւորման Բ. դիրքը գրաւող Արման Ծառուկեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ ե՛րբ պիտի աւարտէ իր արհեստավարժ ասպարէզը:
«Ես 29 տարեկան եմ եւ մօտաւորապէս 7 տարի ետք պէտք է աւարտեմ ասպարէզս, 36-37 տարեկանին: 31 տարեկանին գագաթնակէտն է: 31-էն 34 տարեկան, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող երկու-երեք տարին իմ փորձառութեանս վստահելով կրնամ շարունակել, բայց այժմէն իսկ նոյնիսկ չեմ կրնար պատկերացնել, թէ ինչպէ՛ս պիտի ապրիմ առանց այս մարզաձեւին», ըսած է Ծառուկեան:
22 նոյեմբերին Քաթարի Տոհա քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք «Եու. Էֆ. Սի.» ֆայթ նայթ 265» մրցաշարքին Ծառուկեան պիտի մենամարտի Տեն Հուկերի դէմ:
Ծառուկեան վերջին անգամ 2024-ի ապրիլին մասնակցած էր «Եու. Էֆ. Սի. 300» մրցաշարքին, ուր ան յաղթած էր Չարլզ Օլիվէյրային, իրաւարարներու որոշումով:
Ան 22 յաղթանակ եւ երեք պարտութիւն ունի:
Հուկեր 2024-ի օգոստոսին «Եու. Էֆ. Սի. 305» մրցաշարքին Մաթէուշ Կամրոթին յաղթած էր իրաւարարներու որոշումով: Ան 24 յաղթանակի դիմաց ունի 12 պարտութիւն:


