Փորթուգալցի ֆութպոլի աստղ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ յայտնեց, որ իր 6-րդ (մրցանիշ) մոնտիալը` 2026-ինը պիտի ըլլայ իր ասպարէզի վերջինը:
«Անկասկած, այո՛, որովհետեւ 41 տարեկան կ՛ըլլամ արդէն իսկ», ըսաւ Քրիսթիանօ:
Ռոնալտօ յայտնեց նաեւ, որ ան «մօտիկ ապագային» պիտի լքէ ֆութպոլի ասպարէզն ալ: «Մօտիկ ապագան» հաւանաբար մէկէն երկու տարի կը նշանակէ:
Փորթուգալ, որ գրեթէ հասած է մոնտիալին, տակաւին զտումի մրցումներու մթնոլորտին մէջ է, եւ Ռոնալտօ 40 տարեկանին տակաւին մեծ դեր կը կատարէ ազգային խումբին հետ: Ան 4 զտումի մրցումներուն 5 կոլ նշանակած էր: «Շատ լաւ կը զգամ այս պահուս: Կոլեր կը նշանակեմ, տակաւին ճկուն եւ արագ եմ, եւ կը վայելեմ խաղցած ֆութպոլս ազգային խումբին հետ: 25 տարիէ այս մարզաձեւին մէջ կը գտնուիմ, եւ ամէն ինչ կրցայ կատարել: Բազմաթիւ մրցանիշներ ունիմ եւ հպարտ կը զգամ: Ուրեմն վայելենք այս վայրկեանները եւ ապրինք վայրկեանը վայրկեանին», ըսաւ Ռոնալտօ:
Ռոնալտօ եւ իր պատմական մրցակից Լիոնել Մեսսի իրենց 6-րդ մոնտիալին կը մեկնին` բարելաւելով գերմանացի Լոթար Մաթէուսի (5 մոնտիալ) մրցանիշը:
Արժանթինի խմբապետ Մեսսի, որ վերջին Մոնտիալը շահած էր Քաթարի մէջ (2022-ին), 39 տարեկան պիտի ըլլայ մոնտիալին:
Փորթուգալ եւ Արժանթին պիտի ըլլան 2030-ի մոնտիալի հիւրընկալ երկիրներու կարգին` առիթ տալով, որ Ռոնալտօ եւ Մեսսի Մոնտիալը աւարտեն իրենց երկրին մէջ…


