ՖԻՖԱ-ն որոշած է փոխել Եւրոպայի գործող ախոյեան Սպանիոյ եւ Ամերիկայի գործող ախոյեան Արժանթինի ազգային խումբերուն միջեւ «Ֆինալիսիմա» մրցումին օրը, ըստ «Մարքա»-ի:
Նախապէս նախատեսուած էր, որ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 28 մարտ 2026-ին, բայց մրցումը օր մը առաջ յառաջաձգուած է եւ տեղի պիտի ունենայ 27 մարտին:
Ըստ աղբիւրին, մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քաթարի «Լուսէյլ» մարզադաշտին վրայ: ՖԻՖԱ-ն կը ցանկայ կազմակերպել խաղը այնպէս, որ ան նմանի մեծ աւարտական մրցումի մը:
Բայց ամէն ինչ կապուած է Սպանիոյ հաւաքականի զտումի մրցումներուն արդիւնքներուն, եթէ պատահի, որ նաք-աութի մրցումներ կատարէ: Այս բոլորը կը պատահին, եթէ Սպանիա գրաւէ իր խմբակի Բ. դիրքը, եւ ան ստիպուի փլէյ-օֆի հանգրուանին մասնակցիլ, որ տեղի պիտի ունենայ մարտին: Եթէ ատիկա պատահի, «Ֆինալիսիմօ»-ն անգամ մը եւս կրնայ յետաձգուիլ:
Աւելի կանուխ այս ելոյթը 2025-ին տեղի պիտի ունենար, բայց հաւաքականներու միջազգային օրացոյցին մէջ յարմար տեղ չգտնելով, մրցումը տեղափոխուած էր 2026-ին:
Այս մրցումը պիտի ըլլայ պատմութեան 4-րդ «Ֆինալիսիմօ»-ն: Վերջին «Ֆինալիսիմօ»-ն տեղի ունեցած էր 2022-ին, ուր Արժանթին 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Իտալիոյ: Լաոթարօ Մարթինես, Անխել Տի Մարիա եւ Փաուլօ Տիպալա նշանակած էին Արժանթինի 3 կոլերը:


