Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին Դամասկոսի օդուժի ռազմակայանի մը մէջ զինուորական ներկայութիւն ունենալու` Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ Ուաշինկթընի միջնորդութիւն կատարած ապահովական համաձայնութեան մը գործադրութեան օգնելու համար»:
Ռազմակայանը կը գտնուի հարաւային Սուրիոյ մասերու մօտ, ուր կը նախատեսուի Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ համաձայնութեան մը ծիրին մէջ ապազինեալ գօտի ստեղծելու:


