Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 4, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին կը յայտնէ, որ եգիպտական քայլերը Լիբանանի կայունութեան ու ամբողջ հողին վրայ գերիշխանութեան պահպանման նպատակով են, սակայն առանց Լիբանանին ամբողջական ծրագիրի ձեւաչափ մը տրամադրելու:

Աղբիւրը կը նշէ, որ երկու երկիրներու պաշտօնատարներուն վերջերս տեղի ունեցած փոխադարձ այցելութիւններուն ու բանակցութիւններուն նպատակը հարաւային Լիբանանի մէջ տագնապի վերսկսումէն խուսափելու եւ Իսրայէլին անգամ մը եւս իր զինուորական յարձակումները սկսելէն ետ կանգնեցնելու համար են:

«Եգիպտոս շրջանային ու միջազգային ջանքեր կը գործադրէ զինադադարի ամրապնդման համար», կ՛ըսէ պաշտօնական աղբիւրը:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Հըզպալլան կը փորձէ գործադրել երկակի ռազմավարութիւն մը, որ հիմնուած է հանդարտօրէն իր ուժը վերականգնելուն եւ Իսրայէլի հետ ուղղակի բախումէն խուսափելուն վրայ»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլացի պաշտօնատարներուն վերջերս Հըզպալլան վերազինուելու մէջ ամբաստանելու եւ լիբանանեան պետութեան սպառնալու վրայ կեդրոնանալէն մտահոգ ենք»:

. ՓԵՆԹԱԿՈՆԷՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակը «շփոթահար» կը թուի ըլլալ, մինչ կը փորձէ ապօրինի զէնքի մենաշնորհման իր ծրագիրը գործադրել միջազգային աշխուժ հսկողութեան պայմաններու մէջ»:

. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ դիւանագէտներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ապօրինի զէնքի դիմակայման մէջ Լիբանանի շարունակուող տատամսումը զինուորական ու տնտեսական օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ աւելի լայն դիւանագիտական յարաբերութիւնները վտանգի կ՛ենթարկէ»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «ճիշդ է, որ Մոսկուան Լիբանանին պաշտօնապէս չփոխանցեց, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եւ զինուորական հարցերու ծալքերէն իր տեղեակ ըլլալը, սակայն Մոսկուայի մէջ մեծ մտահոգութիւն կայ կացութեան զարգացման եւ հարաւային Լիբանանի մէջ վտանգաւոր մագլցումի փուլ հասնելուն նկատմամբ»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին. «Լիբանան բանակցութեան առաջարկին համաձայն գտնուեցաւ պայմաններով, որոնց ընդհանուր խորագիրը յարձակումներու դադրեցումն ու հեռացումն է բռնագրաւուած կէտերէն, որոնք ութ դարձան, գերիներու ազատ արձակումն ու հարաւային Լիբանանի գիւղերու վերաշինութիւնը»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Հըզպալլան իր զէնքի թղթածրարին իբրեւ ազգային առաջնահերթութիւն կամ արագ յանձնելի հարց չի  վերաբերիր, այլ` իբրեւ ներքին ու արտաքին ազդակներով երկարատեւ բանակցային թղթածրար»:

. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «եգիպտացի միջնորդի աշխատանքը կը ներառէ Լիբանանի կողքին Ուաշինկթընի, Իրանի եւ Իսրայէլի հետ հաղորդակցիլը, սակայն կեդրոնացումը ամերիկեան կողմին վրայ է, այն յոյսով, որ կը յաջողի զայն մղել Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «նախագահ Աունն ու վարչապետ Սալամը մեծ ջանք կը թափեն խուսափելու ընտրական օրէնքին շուրջ պայքարը կառավարութեան մէջ տեղափոխելէն եւ զայն ծանրաբեռնելէ բաներով, որոնց շուրջ համախոհութեան գոյացումը կարելի չէ»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանը իրմէ պահանջուածէն աւելին ալ կատարեց, ըլլայ այդ իսրայէլեան առօրեայ հազարաւոր խախտումներուն դիմաց զինադադարի համաձայնութեան ամբողջական յանձնառութիւն ցուցաբերելուն, ինչպէս նաեւ վերջերս համաձայնելով անուղղակի բանակցելու, սակայն գնդակը էր եւ տակաւին կը մնայ ամերիկեան-իսրայէլեան դաշտին մէջ»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի Իսրայէլի հետ բանակցութիւններ ընդունիլը` առանց քաղաքային իրաւական եւ թեքնիք փորձագէտներու որեւէ բանակցային պատուիրակութեան կազմին մէջ ներգրաւման առարկելու»:

. ՇԻԻ երկեակէն ղեկավար մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Ընտրական օրէնքը ազգային կարգաւորում մըն է, որ մեծամասնութեան տրամաբանութեան ենթակայ չէ, եւ անոր բարեփոխումը համաձայնութեամբ կը կատարուի»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Միացեալ Նահանգներ վերականգնեց Իրանի վրայ առաւելագոյն ճնշումի իր քաղաքականութիւնը եւ աշխատանք կը տանի անոր շրջանային ծիրը ընդլայնելու` ներառելով որեւէ միջավայր, որ կը կարծէ, թէ Թեհրանին տնտեսական կամ ելեւմտական ելք կ՛ապահովէ»:

. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր տան մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով նախկին տեղակալ Տէյվիտ Հէյլը, որ կը գլխաւորէր Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութեան հիմնարկէն պատուիրակութիւն մը:

Քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ արձանագրուող ապահովական ու քաղաքական զարգացումները:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը Նապաթիէի գաւառի Տուէյր-Շարքիա ճամբուն վրայ հարուածեց ինքնաշարժ մը: Արձանագրուեցան զոհ մը եւ 7 վիրաւորներ: Շարք մը ինքնաշարժներ հրկիզուեցան:

Նախորդը

Թրամփ. «Վենեզուելայի Նախագահ Մատուրոյի Իբրեւ Նախագահ Օրերը Այլեւս Հաշուուած Են»

Յաջորդը

Ժահժահ. «Ինչո՞ւ Հըզպալլան Կը Պնդէ Պահել Զէնք Մը, Որ Միայն Աղէտ Բերաւ Եւ Իսրայէլի Դիմակայման Մէջ Իր Անկարողութիւնը Ապացուցեց»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»
Լիբանանեան

Պատասխանելով Հըզպալլայի Բաց Նամակին` Սալամ. «Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերապահուած Է Պետութեան, Եւ Ոչ Ոք Այդ Որոշումը Տալու Իրաւասութիւն Ունի»

Նոյեմբեր 8, 2025
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնն Ու Եուրոփոլը Կը Նշեն.  «Հըզպալլան Տակաւին Վտանգաւոր  Կազմակերպութիւն Մըն Է, Որ Մտադիր Է  Արտասահմանի Մէջ  Իր Ներկայութիւնը Պահպանել»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Այսուհետեւ Իրանին Եւ Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել Լիբանանը Գերի Պահել»

Նոյեմբեր 8, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Թեհրան. «Կը Դատապարտենք Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Վայրագ Օդային Յարձակումները»

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?