Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ. «Ինչո՞ւ Հըզպալլան Կը Պնդէ Պահել Զէնք Մը, Որ Միայն Աղէտ Բերաւ Եւ Իսրայէլի Դիմակայման Մէջ Իր Անկարողութիւնը Ապացուցեց»

November 4, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Ինչպէս Հըզպալլան 2023 եւ 2024 թուականներուն սխալ գնահատում կատարեց ու սխալ վարուեցաւ, ինչ որ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն, մասնաւորաբար իր համակիր զանգուածին մօտ աւերի եւ քանդումի յանգեցաւ, այսօր զինադադարի համաձայնութենէն մինչեւ հիմա իր կեցուածքներուն ու վարմունքին հիմամբ կը շարունակէ Լիբանանը, մասնաւորաբար իր համակիր շրջանակը ներքաշել յաւելեալ աղէտներու, մահուան եւ քանդումի մէջ»:

«Ատիկա տեղի ունեցաւ, որովհետեւ Հըզպալլա մերժեց իր զինուորական ու ապահովական թեւերը լուծարել, ինչպէս առաջին` Թաէֆի համաձայնագիրը, երկրորդ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը, երրորդ` 2024 թուականի զինադադարի համաձայնութիւնը, եւ չորրորդ` (նախագահի) երդման ճառն ու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը կը նշեն, ուստի կը մերժէ ատոր փոխարէն լայն դռնէն մուտք գործել քաղաքական աշխատանքի դաշտ` հետեւելով լիբանանեան բոլոր կուսակցութիւններու օրինակին», ըսաւ ան:

«Ինչո՞ւ Հըզպալլան կը պնդէ պահել զէնք մը, որ յստակօրէն ապացուցեց, թէ անկարող է Իսրայէլի դէմ դնել: Աւելի՛ն, փաստեց, որ այդ զէնքը վերածուած է Իսրայէլը Լիբանան ներքաշող մագնիսի: Ուստի ինչո՞ւ պնդել զայն պահել, երբ բոլորին յստակ է, որ որեւէ կարեւորութիւն չունեցող զէնք է, եւ միեւնոյն ժամանակ երկրին աղէտներ ու քանդում կը պատճառէ», հարց տուաւ Ժահժահ:

Լիբանանեան ուժերու ղեկավարը նշեց, որ ինք, ներկայ զգայուն պահուն, այս հարցականները կը դնէ, ոչ թէ քաղաքական մրցակցութենէ մղուած, զգուշացնելու համար լուծումը իրենց ձեռքը եղող բոլոր պատասխանատուները, թէ պէտք է վճռական քայլերու պատշաճ որոշումներ որդեգրեն նախքան ամբողջական քանդումը, մանաւանդ որ մինչեւ հիմա մեծ քանդում եղած է:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ֆատլալլա. «Պահանջուածը Ազգային Միացեալ Կեցուածք Մըն Է, Ուր Պետութիւնը Իր Պատասխանատուութեան Տէր Կը Կանգնի»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.