Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի նշեց. «Լիբանանին ուղղուած իրերայաջորդ սպառնալիքները նորութիւն չեն, այլ երկար ատենէ ի վեր կը շարունակուին: Զինադադարի համաձայնութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր սիոնական գոյացութեան կողմէ զինադադարի պայմաններու աւելի քան հինգ հազար խախտում արձանագրուեցաւ»:
«Սիոնական գոյացութիւնը անցնող օրերուն իրերայաջորդ կերպով թիրախաւորեց լիբանանցի քաղաքայիններ եւ անոնց մէկ քանին սպաննեց: Ինչպէս նաեւ ռմբակոծեց շարք մը քաղաքային թիրախներ, որոնց ռմբակոծումը անմիջականօրէն առնչուած կը նկատենք Լիբանանի բարգաւաճման ու կառուցման հոլովոյթին», ըսաւ ան:
«Լիբանանը` իբրեւ անկախ եւ գերիշխան երկիր, իրաւունք ունի իր անվտանգութիւնն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանելու, եւ բնական է, որ այս երկիրը ունենայ իր գերիշխանութիւնը, անվտանգութիւնն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտ բոլոր միջոցները», նշեց Պաղայի:
Անդրադառնալով վերջին օրերու հակասական լուրերուն, թէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւնները վերականգնելու ջանքեր գոյութիւն ունին, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ ամերիկեան կողմէն Օմանի ճամբով Իրանին բանակցութիւնները վերսկսելու վերաբերեալ պաշտօնական որեւէ նամակ չէ փոխանցուած:


