Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Պարրաքի` Լիբանանի «Ձախողած Պետութիւն» Որակման` Հոքշթայն. «Վճիռներու Արձակումը Լուծման Չի Նպաստեր. Պահանջուածը Միջազգային Ընտանիքին Կողմէ Իսկական Քայլեր Են»

November 4, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հարցով ամերիկացի նախկին պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն պատասխանելով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի` Լիբանանը «ձախողած պետութիւն» որակելուն մասին իր կարծիքին վերաբերեալ հարցումին, յայտնեց. «Վճիռներու արձակումը լուծման չի նպաստեր: Պահանջուածը միջազգային ընտանիքին կողմէ իսկական քայլեր են»: Հոքշթայն այս կեցուածքը արտայայտեց ամերիկացի լրագրող Հատլի Կամպըլի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Լիբանան իրապէս տնտեսական հսկայական խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, սակայն մտածումը միայն լիբանանցիներու սխալներով պէտք չէ սահմանափակուի, այլ ներառէ պատասխանատուութիւնը միջազգային ընտանիքին, որ 2006 թուականի պատերազմէն ետք ձգեց բաց մը, զոր Հըզպալլան եւ Իրանը լեցուցին»` աւելցնելով. «Եթէ չենք ուզեր, որ այդ դերը կատարեն, ապա պէտք է մենք հարաւային Լիբանանի մէջ վերաշինութեան ֆինանսաւորման լուրջ մօտեցում մը ներկայացնենք»:

«Փոխանակ անոնց սխալներուն մասին մտածելը, պէտք է մենք` միջազգային ընտանիքս ըսենք, թէ 2006 թուականի պատերազմէն ետք Հըզպալլան եւ Իրանն էին, որոնք վերաշինութիւնը կատարեցին, եւ եթէ չենք ուզեր, որ անոնք այդ մէկը ընեն, ապա պէտք է մենք գումարները տրամադրենք եւ վերաշինութեան իսկական մօտեցում մը ցուցաբերենք: Կազայի մէջ վերաշինութեան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայենք եւ խորհրդաժողովներ կը կազմակերպենք, եւ պէտք է նոյնը ընենք Լիբանանի համար, որովհետեւ հարաւային Լիբանանին աջակցութիւնը երկրին մէջ կայունութեան բանալին է», նշեց Հոքշթայն:

«Հարաւային Լիբանանի մէջ մարդոց պէտք է ապացուցենք, թէ միջազգային ընտանիքը երեւան չի գար միայն, երբ ռմբակոծում կայ, այլ նաեւ ճամբաներու եւ ագարակներու վերաշինութեան ու ելեկտրականութեան վերականգնման համար: Երբ դատարկութիւն մը ըլլայ, ընդհանրապէս լաւ մարդիկ չեն, որ զայն կը լեցնեն», ըսաւ ամերիկացի նախկին պատուիրակը:

 

 

Նախորդը

Պաղայի. «Լիբանան Իր Անվտանգութիւնը Պաշտպանելու Իրաւունքը Ունի»

Յաջորդը

Աուն. «Լիբանան Բանակցութեան Այլընտրանքը Չունի»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.