Այսօր, յետմիջօրէի ժամը 4:45-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը 4-րդ հանգրուանի իր մրցումին պիտի հիւրընկալէ Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը:
Լիբանանի ախոյեանութեան անյաղթ խումբերէն ՀՄԸՄ մրցումէ-մրցում կը բարելաւէ իր խաղարկութիւնը, ինչպէս տեսանք անցեալ չորեքշաբթի օր, երբ պարտութեան մատնեց Անթունիէն, մրցումին սկիզբը ետ մնալէ ետք:
Թայլըր Պէյ-Ճորտըն Սթիվընզ զոյգը կը շարունակէ իր բնական լաւ ելոյթները:
Անոնք Մըզհերի մէջ առնուազն 55 կէտ նշանակեցին միասնաբար, առաջին երկու մրցումներուն (Հուփսի եւ Անթունիէի դէմ):
Կապրիէլ Աճէմեան շատ հասուն մարզիկ դարձած է եւ զուսպ ու կայուն պասքեթպոլ կը խաղայ, իսկ Ահմետ Իպրահիմ թեթեւօրէն վիրաւորուելէ ետք ինքզինք վերագտած է եւ հետզհետէ կը մտնէ խումբի մթնոլորտին մէջ: Ազիզ Ապտել Մասիհ տակաւին իր բնական տեղը չգտաւ եւ վստահաբար հետզհետէ ինք ալ պիտի մտնէ մրցումներու մթնոլորտին մէջ` աւելի կարեւոր մրցումներուն պատրաստ ըլլալու համար: Այզեք Այյուպի բաւական լաւ մարզիկ կ՛երեւի, եւ իր աշխուժ եւ արագ վազքերը շատ կ՛օգնեն խմբակիցներուն` նոյն պահուն շուարեցնելով մրցակիցները: Թանիոս Աքիքի, Սէրուժ Աւետիսեան, Քարիմ Սալամ եւ Փիթըր Տեքիրմենճեան իրենց կարելին կ՛ընեն միշտ մասնակցելու մրցումներուն, հոգ չէ թէ այդ մրցումներուն անոնք համեմատաբար կարճ ժամանակ ունին դաշտին մէջ, մանաւանդ որ այս տարեշրջանի օրէնքով 3 օտար մարզիկներ կրնան ներկայ ըլլալ դաշտին մէջ:
Խումբին 3-րդ օտարը` Խալիտ Թոմաս իր կարգին լաւ մարզիկ կ՛երեւի, բայց մթնոլորտին մէջ լաւապէս մտած չէ եւ այդ պատճառով ալ անկայուն ելոյթներ կ՛ունենայ: Արդարեւ, ան առաջին մրցումին Հուփսի դէմ 27 կէտ նշանակելէ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգելէ ետք, երկրորդ մրցումին 12 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց (Անդրանիկի դէմ): Անթունիէի դէմ ան 14 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Ան աւելի պաշտպանողական գործ կը կատարէ, բայց իբրեւ օտար իրմէ աւելին կը պահանջուի, մանաւանդ որ լուրջ մրցակիցներու դէմ տակաւին մրցում չունեցանք, եւ այսօր պէտք է բոլոր մարզիկներուն նման լաւագոյն վիճակին մէջ ըլլալ, մանաւանդ որ Պէյրութ ունի «հսկայ» Իլայճա Թոմասը (սենթըր), որ վստահաբար ֆաուլեր պիտի փորձէ առնել Թայլըր Պէյէն եւ Խալիտ Թոմասէն:
Պէյրութ Ֆըրսթ իր վերջին մրցումին վերջին երկվայրկեաններուն պարտութիւն կրեց իր դաշտին վրայ` Սանթրալէն (79-81), Իլայճա Թոմաս 21 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ 3 կէտնոց կողովներ նշանակող Էյ. Ճէյ. Ինկլիշ 17 կէտով բաւարարուեցաւ: Ան իր 9 փորձերէն 2-ը կրցաւ նշանակել միայն, եւ այսօր պէտք է զինք լաւ ձեւով զսպել:
Ճիմի Նախլէ, Ռայըն Հաշեմ, Ճոուի Զալում, Ալեք Զանպաքա, Ժան Լիւք Մախլուֆ, Ճօ Պու Սամրա եւ խումբի 3-րդ օտարը` Թոնի Միչել, կրնան որեւէ վայրկեան լաւ բան մը ընելով նեղի բերել ՀՄԸՄ-ի տղաքը:
Համակիրներէն կը սպասուի 40 վայրկեան քաջալերել տղաքը, որոնք իրենց կարելին տալով 4-րդ յաղթանակը պիտի փորձեն արձանագրել:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 4-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Այսօր` ՀՄԸՄ – Պէյրութ Ֆըրսթ (ժամը 16:45-ին)
Թատամոն Հարաժել – Սանթրալ (ժամը 20:30-ին)
Հինգշաբթի` Անդրանիկ – Պաթրուն (ժամը 20:30-ին)
Ուրբաթ` Շանվիլ – Էն. Էս. Էյ. (ժամը 20:30-ին)
Շաբաթ` Անթունիէ – Սաժես (ժամը 21:45-ին)
Կիրակի` Հուփս – Ռիատի (ժամը 16:45-ին)


