Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յատակի Բնակիչները – Ա. –

Փետրուար 23, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Կամուրջ-1_022316

«Բեմ 2000» թատերախումբը անցեալ նոյեմբերին չորս ելոյթներով ներկայացուց «100 տարի վերջ կամուրջին տակ» թատրերգութիւնը, որ հեղինակ եւ բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի բացատրութեամբ` «տխուր կատակերգութիւն» մըն է: Ելոյթը կը տեղադրուի Եղեռնի 100-ամեակին նուիրուած  ձեռնարկներու շարքին: Գործը կը միտի «ցոյց տալ» մեր ներկայ վիճակը: Արդար չէ նման յաւակնութեամբ բեմ բարձրացող թատրերգութեան անդրադառնալ` հիմնուած լոկ մէկ դիտումի վրայ, բայց եւ այնպէս…

Կամուրջ-2_022316

Նախատիպեր.- Թատրերգութեան հիմնական թեման անօթեւան հայերն են: Լուսանցքային մարդոց ստորերկրեայ կեանքը մնայուն բներգ է թատրոնի մէջ: Անտուն ու անտէր մարդոց հանդէպ ընկերութեան վերաբերմունքը առհասարակ դաժան եղած է(1): Արեւելահայ թատրոնի մէջ անոր առաջին ցայտուն օրինակն էր Մաքսիմ Կորքիի «Յատակում»-ը («Նա Տնեէ» կամ “The Lower Depths” 1901-2): Գործը բեմադրած եւ գլխաւոր դերը (Սաթին) վերցուցած է ոչ նուազ քան Սթանիսլաւսքին: Մոսկուայի ելոյթէն ետք աշխուժ բանավէճ յառաջացած էր հայկական մամուլին մէջ: Այս բանավէճին խանդավառութեամբ մասնակցած են Չարենց եւ այլ մտաւորականներ: Թիֆլիսի «Հայոց արտիստական ընկերութիւնը» փիէսը բեմադրած է 1908-ին(2): Աւելի ուշ, ֆրանսական շարժապատկերի տիտան Jean Renoir (1894-1979), Կորքիի  թատրերգութենէն ներչնչուած, բեմադրած է համանուն ժապաւէն մը («Les bas fonds» 1936): Թատրերգութիւնը ի հարկ է ժապաւէնի վերածուած է նաեւ Խորհրդային Միութեան մէջ (Անտրէյ Ֆրոլով, 1952): «Յատակում»-ը  մեզի ծանօթ է որպէս Մհեր Մկրտչեանի բեմադրած համանուն շարժապատկերը (1987, 140 վ.), ուր Սօս Սարգսեան վերցուցած էր Սաթինի դերը: Անցեալ հոկտեմբերին Հայֆեստ թատերական փառատօնի ընթացքին «Յատակում»-ը փիէսը իւրայատուկ ձեւով բեմադրած է լիթուանացի Քորշունովաս: «Ակօս»-ի թղթակիցը այդ ելոյթը համարած էր փառատօնի «գլխաւոր նուաճումը»(3): Այդտեղ էր նաեւ Վարդան Մկրտչեան` որպէս «Կոթողական»-ի Առաքել:

Կամուրջ-3_022316

Կորքիէն շուրջ կէս դար ետք Սարոյեան գրած է «Քարանձաւի բնակիչները»  (The Cave Dwellers, 1957 արեւմտահայերէնով թարգմանուած «Քարայրաբնակներ»): Այդտեղ եւս անյաջողակ, ընկերութեան կողմէ աքսորուած մարդիկ պատսպարուած են աւերակի մը մէջ եւ կազմած` «ընտանիք»: Թատրերգութիւնը կարեկցութեան կոչ մըն է: Նկատել, որ Կորքի եւ Սարոյեան ինքնուս գրագէտներ են: Երկուքն ալ լաւ ծանօթ են «յատակ»-ի աշխարհին: Երկու հեղինակներն ալ շատ հեռու են մտաւորական, ակադեմական յաւակնութիւններէ: Կարիկ Պասմաճեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Սարոյեան ակնյայտ վրդովումով ըսած է. «Պեքեթը եւ Ճոյսը զուարճանք են սնապարծներու (սնոպ) եւ մասնագէտներու համար»(4): Ի դէպ, Պեքեթի «Սպասելով Կոտոյին» (1953),  որ կանխած էր Սարոյեանի թատրերգութիւնը, նոյնպէս անօթեւան մարդոց մասին է: Թեման ունի նաեւ երաժշտական տարբերակ` ներշնչուած` N.S.Carlson-ի «The Family Under the Bridge» (1989) մանկական պատմութենէն: (Տես կողքի Zipper Theatre-ի որմազդը, 2004):

Կամուրջ-4_022316Կամուրջ-5_022316Հայկական ժամանակակից գործերէն կարելի է յիշել Վիգէն Չալտրանեանի «Ձայն լռութեան կամ վեցերորդ պատուիրանը»  (2012):  «Կամուրջ»-ը Չալտրանեանի ժապաւէնին հետ ունի առնուազն երկու զուգահեռ: Անօթեւան տառապահար աղջիկ մը եւ, թերեւս աւելի հիմնականօրէն, կորսուած ինքնութեան փնտռտուքը: Նախատիպ գործերու հետ այլ զուգահեռներու մասին` աւելի ուշ: Ի դէպ, Հին կտակարանի վեցերորդ պատուիրանն է` «Մի՛ սպաններ»: Յիշել անօթեւանութիւնը վերացնելու հին յունական «արմատական» լուծումը. սպաննել անկարող անօթեւանը:

Դիպաշար եւ տիպարներ.- Ինչպէս Սարոյեանի «Քարանձաւ»-ին, այնպէս եւ Մկրտիչեանի «Կամուրջ»-ի բացման տեսարանին մէջ անանուն, անոք եւ անօթեւան աղջնակ մը մակերեսի դաժան աշխարհէն խոյս կու տայ եւ ապաստան կը փնտռէ «յատակ»-ի աշխարհին մէջ: Կը դառնայ այդ ընտանիքին նոր անդամը:

Կամուրջ-6_022316

Աղջնակին անմիջապէս ջերմ ընդունելութիւն ցոյց կու տան քարանձաւի գլխաւոր դերակատար, երբեմնի դերասանը եւ «Կամուրջ»-ի Զաւէնը (Վարդան Մկրտիչեան): (Կողքի լուսանկարը առնուած է “Theater 80”-ի  ելոյթէն, 2007): Ի դէպ, Զաւէն (պարսկերէն) կը նշանակէ օգնող, աջակցող: «Ազդակ»-ի հետ իր հարցազրոյցի ընթացքին (13 նոյ. 2015)  Մկրտիչեան կ’ըսէ, թէ դերը կը համընկնի իր բնաւորութեան հետ: Զաւէն կը մարմնաւորէ սարոյեանական «մարդկային» գիծը:  Հաշմուած այդ տիպարը թշուառ պայմաններուն մէջ կը պահպանէ իր բարութիւնը: Նկատելի է, որ Զաւէն երբեք ազգայնական զեղումներ չի ցուցաբերեր:

Աղջնակին օգնելու անկարող է «քարանձաւ»-ի ֆիզիքապէս քայքայուած «թագուհին»: «Կամուրջ»-ի գլխաւոր կին կերպարը (Այտա Սրապոնեան) կը կոչուի Սաթենիկ: Հանրածանօթ թագուհի մը: Կեանքէն դառնացած Սաթենիկ քայքայուած է … բարոյապէս: Լեցուած է դառնութեամբ: Ոչ թէ անկարող է օգնելու, այլ` անտրամադիր:  Քանի մը արծաթ գրոշի փոխան` կը զոհէ սիրոյ աղաւնին … ներողութիւն, աղջնակը (Անժելինա Սարգիսեան):  Սաթենիկ սեւ հեգնանքով կը մօտենայ «հայութեան»: Դառնացած է ի տես ազգակիցներու եւ պետութեան անտարբերութեան: Կը սգայ, որ յատակի բնակիչները ազգ ու հայրենիք չեն կրնար ունենալ: Այստեղ կարելի է մէջբերել գերմանացի վիպապաշտ յեղափոխական (հետեւաբար աքսորեալ) Հայնրիխ Հայնէի տողերը` ուղղուած օրուան փրուսական պետութեան.-(5)

«Անէ՛ծք, կեղծ ու սուտ հայրենիք եւ քե՛զ / ամօթանքի եւ գարշութեան կրկէս, ուր ամէն ծաղիկ վաղ է թառամում, ուր ծուլութիւնն ու սուտն են սնում»:

Ինչեւիցէ… վերադառնանք տիպարներուն: Անուններու ընտրութիւնը պատահական չէ: Թատրերգութեան երրորդ գլխաւոր հերոսը, երբեմնի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչը կը կոչուի Հայկ (Յարութ Թորոսեան): Իմա` մեր ազգային հիմնադրական առասպելի նահապետը: Հայկ ուսանողուհիներու հայկական պատկանելիութիւնը հարցականի տակ կը դնէ, որովհետեւ անոնց անուններն են Քարլա եւ Սեզա:  Փողոցային առաւել անզգամ «ակա»-ն կը կոչուի Յարութ,  աւելի քան սովորական անուն մը: Անուններու ընտրութիւնը քայլ մը առաջ է` բաղդատած բեմադրիչի նախորդ ելոյթին («Պիտի ըլլայ… պիտի չըլլայ…»), ուր օտար անուններու «տեղայնացումը» կորսնցուցած էր անոնց թելադրած իմաստը:

Կամուրջ-7_022316Հայկ հեղինակի «խօսափող»-ն է: Հասկնալի է, որ հայ ինքնութեան կորուստը առաջին հերթին կը հարուածէ հայերէնի ուսուցիչը: Բեմի վրայ մեր տեսած տիպարը կորսնցուցած էր պատերազմը, վերածուած մակաբոյծ հտպիտի մը: Կերպարը զուգահեռ ունի «Յատակում» թատրերգութեան «ծակ փիլիսոփայ» Լուքայի հետ(6): Սաթենիկ եւ երկու փողոցային ականեր (Յարութ Սիմոնեան եւ Սիմոն Տէրտէրեան) զինք կը կոչեն «փիլիսոփայ»: Իրմէ անբաժան ձայնասփիւռը խանգարուած է: Այլաբանական գեղեցիկ պատկեր: Հայկը կը լսէ ոչ թէ Երեւանի, այլ` իր ներքին ձայնը: Հայկը կը փնտռէ «քար» մը (7): Փիլիսոփան կը փնտռէ իր քարը:

Միջին դարերու քիմիագէտներ կը հաւատային, թէ գոյութիւն ունի քար մը, որ կապարը կը վերածէ ոսկիի: Քարը կը կոչուէր “lapis philosophorum” (փիլիսոփայի քար): Կողքի նկարը ցոյց կու տայ քարի գաղտնագիր տարազը: Այդ խորհրդանիշը հաւանաբար հեղինակի կողմէ սեւ հումոր է:  Ո՛չ միակ սեւ հումորը թատրերգութեան մէջ: Հայկի կախարդական քարը սփիւռքի բնակիչները պիտի վերածէր հայերու, ինչպէս կապարը` ոսկիի: Խորհրդանիշը կը յիշեցնէ նաեւ «Արշակ Բ. եւ Շապուհ» Փաւստոս Բիւզանդի վերագրուող ծանօթ աւանդազրոյցը:

Դէպի «յատակ» փախչող անոք աղջնակի տիպարը գոյ է վերը յիշուած բոլոր թատրերգութիւններուն մէջ: Անոք աղջնակը ընկերութեան ամէնէն խոցելի անդամն է, ուրեմն եւ ամէնէն աւելի կարիք ունի ընկերութեան հոգատարութեան: Անօթեւան աղջնակներու առկայութիւնը աղաղակող ցուցանիշ է մեր անտարբերութեան, անմարդկայնականութեան: Հեղինակը այս թեմային բարդած է նաեւ ցաւոտ հետեւութիւն մը, որն է` մանուկներու չարաշահումը թմրեցուցիչի ոճրային ցանցերու կողմէ:

Բեմին վրայ ներկայ է նաեւ արտաքին աշխարհի սպառնալիքը: Այլ թատրերգութիւններու մէջ այդ ներկայութիւնը աւելի նուրբ եւ անուղղակի է: Իսկ «Կամուրջ»-ի բեմին վրայ սպառնալիքը ներկայ է միսով ու ոսկորով, իր կոպտութեամբ եւ նոյնիսկ` մարդասպանութեամբ:

«Կամուրջ»-ին աղջնակը անանուն է: Անանուն է նաեւ քարանձաւի աղջնակը: Անանուն են քարանձաւի բոլոր բնակիչները: Վ. Չալտրանեանի անօթեւան աղջիկը «չի յիշեր» իր անունը: Անանուն տիպարը կարելի է մեկնաբանել բազմաթիւ ձեւերով: Անուն չեն ունենար, օրինակ, անտէր անասունները(8):

Կամուրջ-8_022316

Կամուրջին աղջնակը համր է: Համրութիւնը ներկայ է նաեւ Սարոյեանի քարանձաւին մէջ: Տիպարը «լռեցուած» է: Այստեղ կարելի է յիշել Ֆ. Աքընի «Հատում» ժապաւէնը, ուր Եղեռնէն վերապրած Նազարէթ նոյնպէս խորհրդանշականօրէն լռեցուած էր: Մօտիկ անցեալին «ձայն» (կամ քուէ) ունէին միայն արու կալուածատէրերը: Կարեկցանքը կորսնցուցած Սաթենիկ հեգնանքով կը մօտենայ աղջկան համրութեան (իմա` ստորադասութեան) մինչդեռ Զաւէն արտակարգ ճիգ կը ցուցաբերէ «հասկնալու» համար անոր կացութիւնը:

Աղջնակի տիպարին կապակցութեամբ գոնէ ինծի համար յստակ չէ, թէ խորհրդանշական ի՞նչ իմաստ ունէր անոր վիճակահանութեան տոմսեր վաճառելը: Ընկերութեան ամէնէն ստորին աստիճանի վրայ կանգնած անոք էակը կարո՞ղ է «բախտ տնօրինել»: Բեմադրիչը տեսակցութեան մը ընթացքին կ’ընդգծէ այս գաղափարը` ըսելով. «Բոլորս եանասիպ ծախողներ ենք»: Իմա` բոլորս սուտ խոստումներ կը ցրուենք: Այս իմաստով, այո՛, պարտադրաբար, այս կամ այն չափով:

Արտաքին աշխարհը ունի երկու զոյգ ներկայացուցիչներ: Երկու զոյգերն ալ ունին գործադիր պատուիրակի բնոյթ: Յարութ եւ Վիգէն թմրեցուցիչի ցանցի «պոս»-եր չեն անշուշտ, այլ` գործակատարները: Կարելի է ենթադրել, որ ստորադաս Վիգէն նորեկ անդամ մըն է, որովհետեւ ունի խղճի մնացորդ: Ունի նաեւ քիչ մը հումոր:

Կամուրջ-9_022316

Համալսարանական աղջիկները (Քրիստինէ եւ Բալիկ Սրապոնեաններ) բացասական տիպարներ են մէկէ աւելի պատճառներով: Անոնք բազմաթիւ այլ պատեհապաշտներու նման` Եղեռնի հարիւրամեակը կը տեսնեն որպէս պատեհ առիթ` «այժմէական» աւարտաճառի ատենախօսութիւն մը պատրաստելու համար: Յատակի բնակիչներուն կը մօտենան առանց կարեկցանքի, հեգնական:  Նոյնիսկ կը փորձեն թշուառ աղջնակէն գողնալ շահած տոմսերը:      «…Վա՛յ նոցա, որք անզգայ են իւր ազգի վիճակին …»(9):

Այս տիպարները կարելի է տեսնել որպէս ահազանգ: Երկու զոյգերը ներկայացուցչական են, կը պատկանին այն սերունդին, որ ծնաւ եւ հասակ նետեց լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն ետք: Սերունդ մը, որ կ’ապրի տակաւ արիւնաքամուող գաղութի մը մէջ: Հայկի յաջորդող սերունդը թերահաւատ է եւ անհեռանկար … «Դէ եկ, վարդապետ, ու մի՛ խելագարուիր» (Պ. Սեւակ).

Գործնական նկատառումներով հեղինակը պարտադրուած է սահմանափակելու եւ խտացնելու իր տիպարներուն «երանգապնակ»-ը: Հիմնականին մէջ կան միայն վեց տիպարներ (երկու զոյգերը գրեթէ անզանազանելի են): Կորքիի «Յատակում»-ին մէջ կը տեսնուին ոչ նուազ քան տասնեօթը տիպարներ: Սարոյեանի «Քարանձաւ»-ը նոյնպէս ունի ճիշդ ու ճիշդ  տասնեօթը բնակիչ: Զուգադիպութի՞ւն, հազի՛ւ թէ(10):

Լեզուն.-  «Ազդակ»-ի հետ իր հարցազրոյցի ընթացքին Մկրտիչեան շեշտած էր, որ տիպարները կը խօսին իրենց իւրայատուկ լեզուներով եւ` աւելցուցած. «Ինծի համար անհասկնալի է այն տեսակէտը, որ բոլոր դերակատարները խօսին նոյն ոճով»:  Բեմադրիչի կեցուածքը եւ մտահոգութիւնը յոյժ ողջունելի են: Մօտիկ անցեալին առ նուազն երկու լիբանանահայ բեմադրիչ հրապարակային ելոյթներու մէջ նսեմացուցած են բեմական լեզուի կարեւորութիւնը: Ո՛չ, չեմ ակնարկեր այն կլոր սեղանին, որ տեղի ունեցած էր վերջերս: Մկրտիչեանի գործադրութեան մէջ, սակայն, կան բացթողումներ:

Հիմնական խոցելի կէտը այն է, որ տիպարներու ասքերը իրարմէ կը զանազանուին ոչ թէ իրենց կառոյցով եւ մտաւորական  մակարդակով, այլ` լոկ բառապաշարով: Փողոցային տիպարները կը գործածեն գռեհիկ թրքերէն բառեր, համալսարանականները կը ցանեն անգլերէն, իսկ Հայկ տեղի եւ անտեղի կ’արտասանէ անուանի բանաստեղծներու գործերէն (Թումանեան, Տէրեան, Վ. Թէքէեան, Պ. Սեւակ, եւ մանաւանդ` Հ. Սահեան):

Հայկ, կ’ըսէ. «Հարցնեմ, յետոյ պառկիմ»: Այս անշուշտ անվայել է հայոց լեզուի ուսուցիչի մը: Թրքախօս հայեր միայն «պառկիլ» բայը կը գործածեն «քնանալ»-ու իմաստով: Հայկ այլ առիթով կ’ըսէ` «հասկնալ հայերուն»: «Հասկնալ» ներգործական բայ է: Հարկ էր գործածել հայցական հոլով` «հասկնալ հայերԸ» եւ այլն:

Համալսարանաւարտ Սեզա կ’ըսէ. «Հիմա անանկ մէկ կ’ընենք …»: Այս պարզապէս հայատառ թրքերէն է (Էօլէ պիր էտէրիզ): Միւս կողմէ` «ակա» մը յանկարծ կը բարբառի` «…(աղջիկը) ձեւով մը հոս պահեցէք»: Այս ալ անշուշտ «անվայել» է ակայի: Պէտք էր ըսէր, օրինակ, «բան մը ըրէք, անոր հոս բռնեցէք» եւ այլն:

Կային նաեւ գօտիէն վար ակնարկութիւններ: Կ’ենթադրեմ, որ «անանաս» թրքերէն «անասը» (անոր մայրը …) հայհոյանքի մեղմաբանութիւնն է: Չեմ ուզեր անդրադառնալ «սիքթիր» բառի արմատին: Երբ Քարլա կ’ըսէ, թէ ինք «քամերա»-ն է, (հասկնալ քամերաման) «ակա»-ն կը շտապէ սրաբանել, թէ ինք ալ ուրեմն եռոտանին է, եւ կը ծիծաղի, որպէսզի ամենաբթամիտ հանդիսատեսն իսկ անդրադառնայ, թէ ինչ է քամերային եւ եռոտանիին ֆիզիքական յարաբերութիւնը: Յուսամ, որ բեմադրիչը ապագային խուսափի նման գռեհկութիւններէ:

Ի դէպ, երկու աղջիկներուն ցանած օտար բառերը պատիւ չեն բերեր այն ուսումնական հաստատութեան, որուն կը պատկանին: Եռոտանի բառի անգլերէնն է “Tripod”, այսինքն երեք ոտք եւ ոչ թէ`  “Tripot”, որ (ֆրանսերէն) կը նշանակէ բախտախաղի գաղտնի, վատահամբաւ վայր: Նմանապէս “documental” բառը, ինչպէս  “-al”  ածանցը կը թելադրէ, ածական մըն է եւ ոչ` գոյական: Կարելի չէ ըսել «Տոքիւմէնթալ կը նկարենք» եւ այլն:

Թատրերգութեան մէջ խցկուած են մօտ յիսուն գռեհիկ բառեր, յաճախ` բոլորովին անտեղի, պարզապէս ծիծաղ կորզելու նպատակով: Ասոնցմէ են` էշ, քաք, բիճ, չենեսիզ, չիւրիւկ, ղորխախ, շարմութա, հայվան, մայմուն, տանղալախ, զըխըմ (որ ի դէպ, պէտք էր որ ըլլար զըխխըմ), …: Միջին հաշուով իւրաքանչիւր 1,5 վայրկեան անգամ մը բեմէն կը հնչէր նման բառ մը: «Էշեր» բառը կրկնուեցաւ ոչ նուազ քան 15 անգամ: Կրնա՞ք երեւակայել, թէ որքա՛ն ծիծաղաշարժ հնչեց 15-րդ անգամ: Բացի այն, որ երկու ոճրագործները նկարագրելու համար կարելի էր գտնել շատ աւելի յարիր ածական: Խեղճ էշը ճանչցուած է իր տկարամիտ յամառութեամբ, եւ ոչ` չարութեամբ:

Միջանկեալ դիտել կու տամ, որ անգրագէտ լեզուով կը խօսէին բեմադրիչի նախորդ ելոյթին բոլոր տիպարները, հակառակ անոր որ անգլերէն բնագրին մէջ անոնք միջին դասակարգի ուսեալ մարդիկ են: Այդտեղ եւս խցկուած էին «ծիծաղաշարժ» բառեր եւ դարձուածքներ: Ի՞նչ տրամաբանութեամբ կարելի է պարտադրել անգլիացի սնոպ մարդոց խօսիլ «պուրճհամուտերէն»: Ի դէպ, այդտեղ կային նաեւ այլ ծիծաղաղերս ներդրումներ: Բնագիրին մէջ կինը ամուսինին գլխուն կը հարուածէ տապակով(11): «Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ կը հարուածէ «փրեսթոյով»: Գուցէ աւելի ծիծաղաշարժ կ’ըլլար հարուածել ելեկտրական «Հուվըր» փոշեկուլով: Գնդունիի տիպարներէն մէկը եւս գլխուն ստացած էր շշմեցուցիչ հարուած մը: Խորհուրդ կու տամ «Տէր Մելքոնեան»-ի բեմ բարձրանալ ցանկացող տղոց այսուհետեւ իրենց գլուխները պաշտպանել ամուր սաղաւարտներով: Ինչ եւ իցէ, դառնանք դէպի «Կամուրջ»:

Կամուրջին տակ, աղբանոցի կողքին, տարածքի մը մէջ, որ կը գործածուի որպէս միզարան, անշուշտ որ կեղծ եւ նոյնիսկ անհեթեթ պիտի ըլլար խօսիլ գրական լեզուով: Աւելի՛ն. յատակի աշխարհին մէջ կարելի է զանց առնել կարգ մը օրէնքներ, որոնք կը կաշկանդեն մակերեսի «քաղաքակիրթ» աշխարհը: Այսուհանդերձ, խախտումները հարկ է որ ըլլան նպատակասլաց: Կը մէջբերեմ նոյնինքն բեմադրիչը. «Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ ներկայացման մէջ պէտք չէ շահագործուի ռամիկ խօսակցութիւնը, որովհետեւ այդ պարագային արդէն կը ձախողի որպէս ներկայացում եւ որպէս բեմադրութիւն»: Վարդա՛ն ջան, խնդրեմ` մտիկ տուր քո իսկ խօսքերին:

Կամուրջ-10_022316

Կամուրջ-11_022316Բեմայարդարում, տարազներ,  եւ այլն.- Բեմի վրայ կային երկու տիրական ներկայութիւններ` կամուրջը եւ լայնածաւալ ցուցապաստառը: Առաջինը, թերեւս սահմանափակ նիւթականի պատճառով, աւելի կը յիշեցնէր խորտակուած միջնադարեան խեղճուկ  կրունկ: Հարկ էր գտնել աւելի գեղարուեստական լուծում: Այսուհանդերձ, այն պատկերաւոր միտքը, որ կամուրջը կը սկսի մեր քովէն, անտուններու խշտեակներէն, բայց կը մնայ կիսատ, դիպուկ է: Բարի՛: Կամուրջը կը գտնուի հանդիսատեսին աջ կողմը: Այս դասականօրէն կը նկատուի բեմի ուժեղ եւ բարի կողմը(12): Իսկ աղբամանը կը գտնուէր ձախ, վատ կողմը: Գուցէ եւ` պատահմունք, բայց հոգ չէ, բարի՛: Կամուրջի ոտքին կար մութ խորշ մը, ուրկէ պարբերաբար դուրս կու գար ծիծաղաշարժ Հայկ, կրկին անհետանալու համար նոյն մութ խորշին մէջ: Այս եւս դիպուկ է: Կարելի է փոխաբերաբար հասկնալ որպէս սփիւռքաբնակի «հայութիւն»-ը, որ պահուած է իր հոգիի մէկ անկիւնին մէջ, եւ որ պարբերաբար կը յայտնուի յաճախ անտեղի եւ ծիծաղաշարժ ձեւով: Բարի՛: Հայկը  հագած էր Հայաստանի մէջ (յատկապէս զինկոչիկներու մօտ) լայն տարածուած գծաւոր ներքնաշապիկ: Բարի՛: Օթեւանի «պատերը» ծածկող կարպետներու ու ծածկոցներու զարդանախշերը կը յիշեցնէին հայկականը, բայց «զտարիւն» հայկական չէին: Այս պատկերը եւս կարելի է հասկնալ այլաբանական իմաստով: Բարի՛: Բեմի գրեթէ կեդրոնը հաստատուած պաստառին վրայ ցուցադրուեցան «վաւերագրական» տեսերիզներ: Կարելի էր անշուշտ մեքենականօրէն վերացնել պաստառը տեսանիւթի աւարտէն ետք: Բայց այդ չէր եղած բեմադրիչի լուծումը: Պաստառը ունէր մնայուն եւ իշխող ներկայութիւն: Թերեւս կը ներկայացնէր յարատեւ արձանագրուող գլխագիր «պատմութիւն»-ը: Նոյն ուղղութեամբ նկատելի էր, որ հեղինակ-բեմադրիչ Զաւէնի հագուկապը կը յիշեցնէր լրագրողներու տարազը: Թերեւս բեմադրիչը իր հագուկապով եւս անուղղակիօրէն կ’ակնարկէր թատրերգութեան «վաւերագրական» բնոյթին: Բարի՛: Ցուցապաստառի վրայ հանդիսատեսին պարտադրուեցաւ ներկայ ըլլալ նաեւ հայրենասիրական յորդորներու: Այս անտեղի էր եւ նոյնիսկ վիրաւորական: Ո՛չ բարի:

Կամուրջ-12_022316Կամուրջ-13_022316Հագուկապի կապակցութեամբ կարելի է աւելցնել երկու նկատողութիւն: Հայկը կը յիշեցնէր կրկէսի հտպիտը, ինչ որ յարիր է վերը յիշուած պատկերին: Բարի՛: Անօթեւան աղջկան (տես կողքի նկարը) հագուկապը, սակայն, զարմանալիօրէն կոկիկ էր: Մաքուր եւ խնամուած էին նաեւ մազերը: Ինչպէ՞ս հասկնալ այդ: Գուցէ բեմադրիչը այդպիսով կը միտէր առաւե՞լ համակրելի ուրեմն եւ գթաշարժ դարձնել արդէն իսկ աստուածատուր գեղեցկութեամբ շնորհազարդ աղջնակը:

Լուսաւորութիւնն ու երաժշտութիւնը, ցաւօք, չունէին նշանակալի դեր:

 

———————————-

  1. Հին Յունաստանի մէջ անտուն մարդիկ կը վաճառուէին որպէս գերիներ եթէ առողջ էին եւ կը սպաննուէին` եթէ վատառողջ: Անօթեւան մարդոց հարցը այդպէս լուծուած էր:
  2. Ռուբէն Զարեան, «Պայքարը հայ թատրոնում Մաքսիմ Գորկու դրամատուրգիայի համար», Հայկական ՍՍՌ ակադեմիայի տեղեկագիր, թիւ 10, 1954, էջ 30-31:
  3. Ծովինար Լոքմակէոզեան, Մշակոյթ եւ արուեստ, «Ակօս», 17 նոյեմբեր 2015: Ելոյթը կարելի է դիտել Եութիւպի վրայ www.youtube.com/watch?v=V8Tp54WlfNE
  4. «William Saroyan the Man and the Writer», խմբագիր` Լ. Համալեան, 1987, էջ 154:
  5. Heinrich Heine , “Die schlesischen Weber”, 1845, թարգմանուած` «Շլեզվիկի ջուլհակները»:
  6. Եղիշէ Չարենց Ս. Կորքի մահախօսականին մէջ կծու խօսքեր ունի այդ տիպարի մասին:
  7. Խորհրդանիշը ունի պատմական հիմք: Բ. Ժամկոչեան Հայաստանէն բերած է տուֆ քար մը եւ հաստատած Սահակեան Վարժարանի բեմին վրայ: Հետագային կորսուած է …
  8. Յիշել “A Horse With No Name” յուզիչ երգը, Ամերիկա,  1971:
  9. «Հայ եւ հայութիւն», Ռ. Պատկանեան, 1855: Բանաստեղծութեան թեման մէկէ աւելի զուգահեռներ ունի Մկրտիչեանի թատրերգութեան հետ:
  10. Թէեւ կարգ մը երկրորդական դերեր կարելի է յանձնել նոյն դերասանին: Տես www.playbillvault.com/ Show/Detail/Cast/1397/The-Cave-Dwellers-at-Bijou-Theatre
  11. “Wok” այն կոր յատակով տապակն է, որ ընդհանրապէս կը գործածուի չինական խոհանոցին մէջ:
  12. Տես Tim Fitzpatrick, Playwright, Space and Place in Early Modern performance, Ashgate Publishing, 2013, էջ 223:
Նախորդը

«Մաուկլի» Դարձած Հայ Մանուկը

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեանի «Լորին Եւ Նարեկը Արարատին Հետ» Մանկապատանեկան Նոր Գիրքը

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Շուշի՛, Պիտի Մնաս Մեր Երազներուն Թագուհին (9 Մայիս 1992)

Մայիս 9, 2025
Քարին Վրայ
Անդրադարձ

33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքներով Ազատագրուեցաւ Հայրենի Բերդաքաղաք Շուշին

Մայիս 9, 2025
Ընտրական Հետազօտութիւնները Գիտական Հիմքով Որոնումնե՞ր Են, Թէ՞ Բախտագուշակութիւն
Անդրադարձ

Մտորումներուս Դեգերումներով. Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?