Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 29, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պէյրութի մէջ լաւատեղեակ կողմեր ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքէն ստացած են հետեւեալ պատգամը. «Ասիկա Լիբանան իմ վերջին այցելութիւնս պիտի ըլլայ: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին պիտի ըսեմ, որ իրենց առջեւ ունին վերջին առիթ մը. կա՛մ դասը կը սորվին եւ կ՛որոշեն Հըզպալլայի զինաթափման ժամանակացոյց եւ մեքանիզմ մշակելու համար Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու մէջ մտնել, կա՛մ ալ Լիբանանը իր ճակատագիրին պիտի ձգուի եւ երկար ատեն այդպէս պիտի մնայ:

«Ոչ ոք անով պիտի հետաքրքրուի, ո՛չ Ամերիկայի, ո՛չ ալ շրջանին մէջ: Ոչ ոք կարող պիտի ըլլայ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու` զինաթափումը բռնի ուժով կատարելու նպատակով յարմար տեսածը ընելը արգիլելու համար»:

Օրաթերթը կը նշէ, որ ամերիկացի պատուիրակը յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին Պէյրութ այցելելու կը պատրաստուի:

. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւրի կայանին տեղեկութիւններուն համաձայն, «սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանին Լիբանան այցելութիւնը քանի մը օրով յետաձգուած է, «երբ նախապէս որոշուած է, որ այցելութիւնը յառաջիկայ ժամերուն տեղի պիտի ունենայ»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի իր հետ բերած ամերիկեան պատգամները եւ եգիպտացի պաշտօնատարին ներկայացնելիք յորդորները զէնքի մենաշնորհման թղթածրարէն անդին անցնելով կը ներառեն ոչ հեռու ժամանակին Իսրայէլի հետ բանակցելու մեքանիզմի որոնումը»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս Իսրայէլի մէջ քննարկեց Լիբանանի «աշխատանքի կանոններու փոփոխութիւնը», առանց որ ապագայ քաղաքականութեան բնոյթը հասուննայ, սակայն հաստատը այն է, որ իրեն հետ կը բերէ իսրայէլեան պնդում մը, թէ բանակը Հըզպալլան զինաթափելու քայլերու ձեռնարկումէն նահանջած է»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Եգիպտական հետախուզութեան տնօրէն Հասան Ռաշատ, որ այսօր Պէյրութ հասաւ, իրեն հետ իսրայէլեան պատգամ չունի, եւ այցելութիւնը այդ ծիրին մէջ պատկերացնելը Եգիպտոսի ներկայացուցած արաբական դերակատարութեան թերագնահատում է»:

. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ստանձնած է լիբանանցի երիտասարդ Էլիօ Ապի Հաննայի սպանութեան հարցով կասկածելի շարք մը պաղեստինցիներ, որոնք կը գտնուէին Շաթիլա գաղթակայանի մուտքին գտնուող պաղեստինեան ապահովական յանձնախումբի անցարգելին վրայ:

Էլիօ անցարգելին վրայ կանգ չէր առած, ինչ որ անցարգելին վրայ գտնուող զինեալները մղած էր ուղղակի կերպով անոր ինքնաշարժին վրայ կրակելու, այդ պատճառով ալ ան մահացած էր:

 

Նախորդը

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Յաջորդը

Ըստ «Իսրայէլ Հայոմ»-ի. «Եթէ Լիբանանեան Կառավարութիւնը Չկարենայ Հըզպալլան Զինաթափել, Կուսակցութեան Դիրքերուն Դէմ Կեդրոնացուած Գործողութիւն Մը Անխուսափելի Է»

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?