Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ օրինաթիւի չգոյացման պատճառով խորհրդարանի նիստը փակեց:

Արդարեւ, խորհրդարանի ժողովասրահ հասած էին 128 երեսփոխաններէն 63-ը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնն ու շարք մը երեսփոխաններ յայտարարած էին, թէ պոյքոթի կ՛ենթարկեն նիստը` ընտրական օրինագիծի առաջարկը օրակարգին վրայ չներառելու պատճառով:

Խորհրդարանը երէկ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի գումարէր լիագումար նիստ մը` շարունակելու քննարկումը ծրագիրներու եւ առաջարկուած օրինագիծերու, որոնք 29 սեպտեմբեր 2025-ի նիստի օրակարգին վրայ կը գտնուէին:

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքը կիրակի գիշեր յայտարարեց, թէ կտրուկ կերպով որոշած է պոյքոթի ենթարկել այսօրուան նիստը, որովհետեւ անոր մասնակցութիւնը կը նշանակէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի բռնապետութեան ենթարկուիլ, ինչպէս նաեւ գործնականապէս օրինականացնել արտերկրի հարիւր հազարաւոր լիբանանցիները քուէատուփերու ճամբով ներկայ իրողութեան փոփոխութեան մասնակցելու իրաւունքէն զրկելու սահմանադրական եւ բարոյական ոճիրը:

Պլոքը «բոլոր ազատ երեսփոխաններուն եւ պլոքներուն» կոչ ուղղեց` «իրաւունքի եւ սահմանադրութեան կողքին կանգնելու եւ խորհրդարանի գործունէութեան խափանման օրինական շղարշ չշնորհելու»:

Հզօր հանրապետութիւն պլոքը նաեւ երկրէն ներս, թէ դուրս գտնուող լիբանանցի ժողովուրդին կոչ ուղղեց` «բոլոր խաղաղ ժողովրդավարական միջոցներով մասնակից դառնալու այս ճակատագրական ճակատամարտին, որովհետեւ անիկա անցողակի ճակատամարտ չէ, այլ օրէնքի եւ հաստատութիւններու պետութիւն ուզողներուն եւ Լիբանանի հոգատարութեան, խափանման եւ փտածութեան պատանդ մնալը պնդողներուն միջեւ գոյութենական ճակատամարտ մըն է»:

Փոփոխութեան դաշինք երեսփոխանական պլոքը եւս յայտարարեց, թէ սահմանադրութեան կառչելէն մեկնելով պոյքոթի պիտի ենթարկէ այսօրուան նիստը` այն յոյսով, որ խորհրդարանի նախագահը «յարգէ սահմանադրութիւնը եւ քուէարկութեան մասնակիցներուն մէկ երրորդին իրաւունքը վերականգնէ, ինչպէս նաեւ վերականգնէ լիբանանցիներու վստահութիւնը, թէ իրենց խորհրդարանը տակաւին կարող է օրէնքին կառչիլ»:

Ազգային չափաւորականութիւն երեսփոխանական պլոքէն աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին. «Ուղղուածութիւնը երեքշաբթի օրուան նիստին մասնակցիլն է, ինչ որ կրնայ նեղ կացութեան մատնել այն ուժերը, որոնք իրենք զիրենք «գերիշխանական» կը կոչեն, եթէ առանց անոնց, մասնաւորաբար Լիբանանեան ուժերուն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ փոփոխութեան երեսփոխաններու ներկայութեան օրինաթիւ ապահովուի»:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան եւ Ազատագրում ու բարգաւաճում  երեսփոխանական պլոքներու անդամներէն պատուիրակութիւն մը, որուն նաեւ մաս կը կազմէր երեսփոխան Ժիհատ Սամատ, երկուշաբթի օր այցելեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին, որուն հետ հանդիպումէն ետք երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց.  «Մենք նախանձախնդիր ենք ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու եւ կառավարութենէն կը խնդրենք օրէնքի քննարկման համար նկատի ունենալ, թէ ատիկա ազգային մեծ պառակտումի պիտի յանգեցնէ»:

«Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախանձախնդիր է խորհրդարանին, եւ վաղը պիտի տեսնենք, թէ ո՛վ խորհրդարանի աշխատանքը պիտի խափանէ», նշեց Խալիլ:

 

Նախորդը

«Լիբանանեան Բանակը Հըզպալլայի Մեծաթիւ Զինապահեստանոցներ Պայթեցուց» Կը Գրէ «Ռոյթըրզ»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
«Լիբանանեան Բանակը Հըզպալլայի Մեծաթիւ  Զինապահեստանոցներ Պայթեցուց»  Կը Գրէ «Ռոյթըրզ»
Լիբանանեան

«Լիբանանեան Բանակը Հըզպալլայի Մեծաթիւ Զինապահեստանոցներ Պայթեցուց» Կը Գրէ «Ռոյթըրզ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?