28 հոկտեմբերին մամլոյ ասուլիս տուին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Թադեւոս Աւետիսեանը եւ Գառնիկ Դանիէլեանը` ամփոփելով խորհրդարանական շաբաթը եւ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն:
Թադեւոս Աւետիսեան յայտնեց, որ Հայաստանի 2026-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումը ցոյց տուաւ, որ կառավարութիւնը չէ գործադրած ընկերային բնագաւառին վերաբերող իր խոստումները, զորս տուած էր քաղաքացիներու առաւել խոցելի խումբի շուրջ 40 տոկոսին:
Ըստ անոր, իշխանութիւնները բազմիցս խոստացած են բարձրացնել կենսաթոշակները, աւելցնել աշխատող քաղաքացիներուն եկամուտները եւ վերանայիլ ընկերային նպաստներու համակարգին, սակայն 2026-ի պետական պիւտճէի նախագիծը կը փաստէ, որ այդ բոլոր պարտաւորութիւնները չեն կատարուած:
«Եթէ ամփոփենք, ապա յայտնի կը դառնայ, որ Հայաստանի տնտեսութեան նախկին նախարար Վահան Քերոբեանը կատարած է իր աշխատանքը: Օրինակ, անցեալ տարի ան կրցած է ապահովել 7 տոկոս տնտեսական աճ: Սակայն այնուհետեւ ան ազատուած է աշխատանքէն: Հիմա անոր դէմ քրէական գործ յարուցուած», ըսաւ Աւետիսեան:
Միաժամանակ, պատգամաւորը նշեց, որ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարը, ըստ էութեան, կառավարութեան ծրագիրի կէտերէն ոչ մէկը կատարած է: «Այս ոլորտին մէջ աշխատանքը պարզապէս ձախողած է, սակայն ան ձեւով մը բարձրացում կը ստանայ: Զայն իբրեւ դեսպան կ՛ուղարկեն Միացեալ Նահանգներ», նկատել տուաւ պատգամաւորը:
Պատասխանելով իշխանութիւններ-եկեղեցի հակադրութեան վերաբերող հարցումի մը` Գառնիկ Դանիէլեան յիշեցուց, որ այդ արշաւը սկիզբ առաւ 2018-ին` «Նոր Հայաստան, նոր կաթողիկոս» արշաւով, որմէ ետք ալ «Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթը վերցուեցաւ դպրոցական դասագիրքերու ցանկերէն:
«Փաշինեանը շատ մեծ ցանկութիւն ունէր իր սրտի կաթողիկոսը նշանակելու` ըլլար ան քահանայ, թէ այլ: Ընդամէնը Նիկոլ Փաշինեանը հաշտ չէր այդ իրողութեան հետ, որ եկեղեցին քանի մը անգամ քննադատած էր զինք», ըսաւ Դանիէլեան:
Պատգամաւորը յիշեցուց, որ ժամանակին Նիկոլ Փաշինեան կ՛ըսէր, թէ պետութիւնը պէտք չէ խառնուի եկեղեցւոյ գործերուն, եւ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ փոխուեցաւ, որ հիմա կը խառնուին եկեղեցւոյ գործերուն:
«Ու ոչ միայն խառնուած է եկեղեցւոյ գործերուն, այլ եկեղեցին պառակտելու, աղանդ դարձնելու, կարգալոյծ եղած քահանայի պատարագին մասնակցելու` վարչական միջոցներով գործողութիւններ կը կատարէ, բայց արդէն ակնյայտ է, որ ձախողած է», յայտնեց Դանիէլեան` յիշեցնելով, որ անիկա Սահմանադրութեան եւ «Կրօնական ազատութեան մասին» օրէնքի խախտում է:


