– «ՀԱՏԱՍ» պատկերասփիւռի կայանի աղբիւրները կը հաղորդեն, թէ ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս այսօր հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ եւ պիտի մասնակցի Նաքուրայի մէջ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովին:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս լիբանանցի պաշտօնատարներուն պիտի ներկայացնէ իսրայէլացիներուն հետ «զէնքի մենաշնորհի եւ ուղղակի բանակցութեան վերաբերեալ Լիբանանի դիրքորոշման» շուրջ հաղորդակցութիւններուն արդիւնքները, ան կրնայ պաշտօնատարներուն մինչեւ շաբաթավերջ ժամանակ տալ իրենց պատասխանը յանձնելու»:
– ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Ուաշինկթըն փոխանցեց ուղղակի պատգամ մը` Իսրայէլի հետ բանակցութեան դիմելու, որովհետեւ Լիբանանը անոր առաջնահերթութիւններուն մէջ դարձած է վերջին թղթածրար մը եւ որոշած է զայն Թել Աւիւին ձգել, ուստի Լիբանան անմիջական կարիքը ունի զինք իր տագնապէն դուրս բերող նախաձեռնութեան մը»:
– ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Լիբանան կարիքը ունի լուրջ բանակցութիւններու եւ քաղաքական լուծման, այլապէս այն, ինչ որ անոր կը սպասէ, շատ վատ է»:
– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Եգիպտական հետախուզութեան տնօրէնի Պէյրութ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ նուրբ թայմինկի մը ընթացքին: Ան Լիբանանին պիտի փոխանցէ ապահովական կացութեան հետեւանքներէն զգուշացնող եւ որեւէ նոր պատերազմէ խուսափելու համար գետնի վրայ զէնքի մենաշնորհման ազդու քայլեր որդեգրելու անհրաժեշտութեան պատգամ մը»:
– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Անհաւանական կը նկատեմ պատերազմի որեւէ ընդլայնում` նկատի ունենալով, որ միջազգային հետաքրքրութիւնը ներկայիս կեդրոնացած է Կազայի գործարքին ամբողջացման վրայ, որուն շուրջ աշխատանքը կը կեդրոնանայ քաղաքային ու քաղաքական շրջագիծերուն վրայ, որոնք պիտի յաջորդեն Կազայի մէջ նոր փուլին»:
– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Նախագահ Աունի յայտարարութիւնները պատահական չէին, այլ արդիւնքը շրջանին մէջ տեղի ունեցողին ուշադիր դիտարկման եւ յստակ փափաքի մը` հանդարտեցնելու մթնոլորտը եւ վերականգնելու կայունութիւնը, սակայն այս ուղղուածութիւնը դրական ընկալման չարժանացաւ Իսրայէլի կողմէ, որ որեւէ հանդարտեցում չ՛ուզեր»:
– «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Պապը իր շրջապատին հարցուց այն հանգամանքներուն եւ անոնց հիմքին մէջ գտնուող պատճառներուն մասին, որոնք յանգեցուցած են Լիբանանի մէջ լուծումներ գտնելու յառաջընթացի բացակայութեան: Ան պիտի խրախուսէ լիբանանցիները երկխօսութեան ձեռնարկելու, հանդիպելու եւ միասին նստելու, եւ աշխարհի երկիրներուն կոչ պիտի ուղղէ` Լիբանանին ուշադրութիւն դարձնելու»:


