Խորհրդարանը այսօր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի գումարէ լիագումար նիստ մը` շարունակելու քննարկումը ծրագիրներու եւ առաջարկուած օրինագիծերու, որոնք 29 սեպտեմբեր 2025-ի նիստի օրակարգին վրայ կը գտնուէին:
Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքը կիրակի գիշեր յայտարարեց, թէ կտրուկ կերպով որոշած է պոյքոթի ենթարկել այսօրուան նիստը, որովհետեւ անոր մասնակցութիւնը կը նշանակէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի բռնապետութեան ենթարկուիլ, ինչպէս նաեւ գործնականապէս օրինականացնել արտերկրի հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներուն քուէատուփերու ճամբով ներկայ իրողութեան փոփոխութեան մասնակցելու իրաւունքէն զրկելու սահմանադրական եւ բարոյական ոճիրը:
Պլոքը «բոլոր ազատ երեսփոխաններուն եւ պլոքներուն» կոչ ուղղեց` «իրաւունքի եւ սահմանադրութեան կողքին կանգնելու եւ խորհրդարանի գործունէութեան խափանման օրինական շղարշ չշնորհելու»:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքը նաեւ երկրէն ներս, թէ դուրս գտնուող լիբանանցի ժողովուրդին կոչ ուղղեց` «բոլոր խաղաղ ժողովրդավարական միջոցներով մասնակից դառնալու այս ճակատագրական ճակատամարտին, որովհետեւ անիկա անցողակի ճակատամարտ չէ, այլ օրէնքի եւ հաստատութիւններու պետութիւն ուզողներուն եւ Լիբանանի հոգատարութեան, խափանման եւ փտածութեան պատանդ մնալը պնդողներուն միջեւ գոյութենական ճակատամարտ մըն է»:
Փոփոխութեան դաշինք երեսփոխանական պլոքը եւս յայտարարեց, թէ սահմանադրութեան կառչելէն մեկնելով պոյքոթի պիտի ենթարկէ այսօրուան նիստը` այն յոյսով, որ խորհրդարանի նախագահը «յարգէ սահմանադրութիւնը եւ քուէարկութեան մասնակիցներուն մէկ երրորդին իրաւունքը վերականգնէ, ինչպէս նաեւ վերականգնէ լիբանանցիներու վստահութիւնը, թէ իրենց խորհրդարանը տակաւին կարող է օրէնքին կառչիլ»:
Ազգային չափաւորականութիւն երեսփոխանական պլոքէն աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին. «Ուղղուածութիւնը երեքշաբթի օրուան նիստին մասնակցիլն է, ինչ որ կրնայ նեղ կացութեան մատնել այն ուժերը, որոնք իրենք զիրենք «գերիշխանական» կը կոչեն, եթէ առանց անոնց, մասնաւորաբար Լիբանանեան ուժերուն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ փոփոխութեան երեսփոխաններու ներկայութեան օրինաթիւ ապահովուի»:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան եւ Ազատագրում ու բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքներու անդամներէն պատուիրակութիւն մը, որուն նաեւ մաս կը կազմէր երեսփոխան Ժիհատ Սամատ, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին, որուն հետ հանդիպումէն ետք երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց. «Մենք նախանձախնդիր ենք ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու եւ կառավարութենէն կը խնդրենք օրէնքի քննարկման համար նկատի ունենալ, թէ ատիկա ազգային մեծ պառակտումի պիտի յանգեցնէ»:
«Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախանձախնդիր է խորհրդարանին, եւ վաղը պիտի տեսնենք, թէ ո՛վ խորհրդարանի աշխատանքը պիտի խափանէ», նշեց Խալիլ:


