Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը յայտարարեց Թուրքիոյ մէջ Նիկիոյ ժողովի 1700-ամեակի նշման մասնակցելէն ետք Լեւոն ԺԴ. պապին 30 նոյեմբերէն 2 դեկտեմբեր երկարող եռօրեայ այցելութեան ծրագիրը:
Պապը կիրակի, 30 նոյեմբերի կէսօրէ ետք ժամը 3:45-ին պիտի հասնի Պէյրութի միջազգային օդակայան, մէկ ժամ ետք հանդիպում պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահին, ժամը 5:15-ին` խորհրդարանի նախագահին, ժամը 5:30-ին վարչապետին, իսկ 6:00-ին` իշխանութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն եւ դիւանագիտական անձնակազմին հետ պիտի ունենայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին պիտի արտասանէ խօսք մը:
Ան յաջորդ օրուան առաւօտեան ժամը 9:45-ին պիտի այցելէ Ս. Շարպելի գերեզման, ժամը 11:20-ին Հարիսայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ եպիսկոպոսներու ու կղերականներու հետ եւ խօսք մը պիտի արտասանէ, ժամը 12:30-ին Լիբանանի մէջ Վատիկանի դեսպանատան մէջ հանդիպում պիտի ունենայ կաթողիկէ պատրիարքներուն հետ, ժամը 16:00-ին Նահատակաց հրապարակին վրայ պիտի ունենայ միջեկեղեցական հանդիպում եւ կրօններու միջեւ երկխօսութիւն, ուր ան խօսք մը պիտի արտասանէ, իսկ ժամը 17:45-ին Պքերքէի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ երիտասարդներու հետ, ուր դարձեալ խօսք մը պիտի արտասանէ:
Պապը իր այցելութեան վերջին օրը առաւօտեան ժամը 8:30-ին պիտի այցելէ Տէյր Սալիպ հիւանդանոցը, ժամը 9:30-ին լուռ աղօթք պիտի կատարէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վայրին մէջ, ժամը 10:30-ին Պիելի մէջ պիտի մատուցէ Ս. պատարագ, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 1:15-ին պիտի մեկնի Հռոմ:


