Ներհայաստանեան իրադարձութիւններու թէժացումը կը թուի պայմանաւորուած ըլլալ քանի մը ուշագրաւ հանգամանքներով:
Ա.- Ուաշինկթընեան հռչակագիրէն եւ այնտեղ կայացած պայմանաւորուածութիւններէն ետք, ընդդիմադիր դաշտին նկատմամբ իշխանութիւններուն առած քայլերն ու բռնաճնշումները նոր թափ հաւաքած են: Այս կը նշանակէ, որ նոյեմբեր 9-ի վերափոխումը օգոստոս 8-ի, ուղղակի-անուղղակի մղիչ գործօն հանդիսացած է այս քաղաքականութեան կոշտացումին:
Բ.- 2026-ի համապետական ընտրութիւններուն ընդառաջ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, ընդդիմադիր դաշտը բաղկացնող հիմնական ուժերը հարուածելն է, չէզոքացնելն է: Պարզ է, որ իշխանութիւններուն վարկանիշը բաւական ցած է, եւ գրեթէ համատարած համոզում է, որ գործող իշխանութիւնները կայուն մեծամասնութիւն չեն կրնար ապահովել առանձին:
Գ.- 2-րդ նախագահին յայտարարելը, որ վճռած է մասնակցիլ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, եւ «Մեր ձեւով» շարժումի իբրեւ կուսակցութիւն վերափոխման որոշումը, իշխանափոխութեան առաջնորդող ընդհանուր շարժումին նոր ռազմավարութեան մասին կը յուշեն:
Դ.- Ընդդիմադիր դաշտը եթէ յաջողի խորհրդարան մուտք գործել դաշինքներով ու կուսակցութիւններով եւ եթէ մանաւանդ ունենայ կամքը միաւորուելով իրավիճակ ստեղծելու Ազգային ժողովին մէջ, ապա խիստ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ իշխանութիւններուն պաշտօնավարումը:
Ե.- 2026-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ երկու գլխաւոր քաղաքներու քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները լուսարձակի տակ պէտք է առնել: Անոնք ցուցանիշ կրնան ըլլալ խորհրդարանականի պարագային: Երկուքին ալ պարագային գործող իշխանութիւնները չունեցան մեծամասնութիւն եւ չյաջողեցան միայնակ կազմել աւագանի: Երեւանի պարագային մէկ ուժին ընտրական ժողովին չներկայանալը նպաստեց այսօրուան քաղաքապետի ընտրութեան: Միւսին պարագային, ընդդիմադիրներուն միաւորումը տապալեց ընտրութիւններուն յառաջատար ուժը: Ընդդիմութիւնը ստանձնեց քաղաքային իշխանութիւնը:
Զ.- Գիւմրին այս առումով կրնար մանրանկար հանդիսանալ եւ յուշել բոլորին, որ ինչպէ՛ս կարելի է կայացնել իշխանափոխութիւնը: Գիւմրիի օրինակը բնականաբար խոր մտահոգութիւն ստեղծած էր գործող իշխանութիւններուն մօտ: Չէր բացառուեր, որ Գիւմրիի ընդդիմադիր ուժերու միաւորման մէջ մեծ էր դերակատարութիւնը հոգեւոր առաջնորդին, որ յաջողած էր իրերամերժ կողմեր բերել նոյն քաղաքական խրամատին մէջ պայքարելու համար քուէով յառաջատար ուժին դէմ:
Գիւմրիի օրինակը ուրեմն կրնար համապետական տարածականութիւն ապահովել: Անհրաժեշտ էր ջլատել այդ հաւանականութիւնը: Հոգեւոր առաջնորդը յայտնուեցաւ բանտ, իսկ քաղաքապետը երէկ ձերբակալուեցաւ:
Անկախ անձերէն, միաւորուիլը, ներընդդիմադիր դաշտին մէջ զիջումներ կատարելը եւ իշխանութիւններու տապալումին համար բոլոր տարակարծութիւնները մէկ կողմ դնելը հրամայական է: Հակառակ Ուաշինկթընէն ետք բռնամիջոցներու քաղաքականութեան նոր թափ հաւաքելուն:
Հակառակ երէկուան դէպքերուն, իշխանափոխութիւն առաջադրած բոլոր ուժերը պարտին շարժիլ Գիւմրիի օրինակով, ամիսներ ետք իրականացնելու համար յայտարարուած առաջադրանքը:
«Ա.»