19 հոկտեմբեր 2025-ը իբրեւ յիշատակելի ու պատմական օր պիտի ամրագրուի հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ ընդհանրապէս եւ եկեղեցական տոմարին մէջ յատկապէս:
Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ եւ հրապարակին վրայ երէկ` կիրակի, 19 հոկտեմբերին պարզած պատկերը տարբեր խորհուրդ եւ հնչեղութիւն ունէր: Արդարեւ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն հազարաւոր հաւատացեալներ` աշխարհի տարբեր երկիրներէն, համախմբուած էին ներշնչուելու եւ լիցքաւորուելու սրբադասման արարողութեամբ, նաեւ իրենց աղօթքներով ու աղերսանքով հայցելու նորոգ սրբադասուողներուն բարեխօսութիւնը առ Աստուած` աւելի լաւ, աւելի խաղաղ, աւելի բարօր, աւելի արդար ու աւելի բարի ապագայի մը:
Ս. Պետրոս տաճարը զարդարուած էր նկարներով եօթը երանելիներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր ձեւով հերոսաբար քալած էր Քրիստոսի ուղիով եւ իբրեւ սուրբ մարդութեան սփոփանք ու փրկութեան յոյս դարձած:
Տաճարին ճիշդ կեդրոնը յատուկ ու աչքառու տեղ կը գրաւէր Իգնատիոս արք. Մալոյեանը` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակը, որ իր կեանքով ու նահատակութեամբ նաեւ կը հանդիսանայ մարմնացումը հայութեան ապրած գողգոթային, սպանդին ու յարութեան:
«Եւ այժմ, ո՜վ սիրեցեալ որդեակներս, ձեզ կը յանձնեմ Աստուծոյ: Ձեզմէ կը խնդրեմ աղօթել Տիրոջ, որպէսզի ինծի ուժ եւ քաջութիւն տայ այս վաղանցուկ կեանքը անցընելու համար իր շնորհքով եւ սիրոյն մէջ, ու եթէ հարկ է հեղուլ արիւնս իրեն համար»: 1915 թուականին` Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն Իգնատիոս արքեպիսկոպոս` քաջ գիտնալով, որ մահը զինք կը սպասէ, այս տողերով դիմեց հաւատացեալներուն: Իր վերջին խօսքերը եղող այս տողերուն խորհուրդով ալ ան վերակենդանացաւ 110 տարիներ ետք, երբ անոր անունը իբրեւ սուրբ հնչեց Վատիկանի հրապարակին վրայ, անոր նահատակութիւնը յիշատակուեցաւ եւ հսկայ լուսանկարը սփռուեցաւ պաստառէն: Կարծէք սրբադասուած Մալոյեան անգամ մը եւս կը նայէր հաւատացեալներուն աչքերուն մէջ` անոնց ուժ, հաւատք ու կորով ներշնչելով, պատգամելով ապրելու Աստուծմով եւ գօտեպնդուելու քրիստոնէութեամբ:
Լեւոն ԺԴ. քահանայապետին կողքին համապատարագեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը, արարողութեան մասնակցեցան Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթերեան, սիւնհոդոսական հայրեր, Զմմառու եւ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան թեմերէն հոգեւորականներ:
Սրբադասման արարողութեան պաշտօնական հիւրերուն շարքին էին Լիբանանի նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն, ինչպէս նաեւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառի ներկայացուցիչ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան, Ասորի կաթողիկէներու պատրիարք Իգնատիոս Յովսէփ Գ. Եունան, Վատիկանի գրասենեակներու եւ ժողովներու պատասխանատու ծիրանաւորներ ու բարձրաստիճան հոգեւորականները, նաեւ մեծաթիւ կրօնականներ:
Արարողութիւնը հանդիսապետած Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը իր խօսքին մէջ իբրեւ խորհրդածութեան նիւթ ընտրեց հետեւեալ հարցումը. «Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ» (Ղուկաս 18:8): «Այս հարցադրումը մեզի կը բացայայտէ, որ Տիրոջ աչքին ամէնէն թանկը հաւատքն է, այսինքն` Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ սիրոյ կապը: Այսօր մեր առջեւ են եօթը վկաներ` նոր սուրբեր եւ նոր սրբուհիներ, որոնք Աստուծոյ շնորհով վառ պահած են հաւատքին ճրագը. աւելի՛ն` անոնք դարձած են ճրագներ` ունակ սփռելու Քրիստոսին լոյսը», ըսաւ ան:
Պապը հաստատեց, որ հաւատքը կը գերակայէ նիւթական եւ մշակութային, գիտական եւ գեղարուեստական մեծ բարիքները, ոչ որովհետեւ այս վերջինները պէտք է արհամարհուին, այլ քանի որ առանց հաւատքի անոնք կը կորսնցնեն իրենց իմաստը: «Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը չափազանց կարեւոր է, քանզի Ան, ժամանակներու սկիզբէն, ոչինչէն ամէն բան ստեղծած է եւ կը փրկէ ոչինչէն այն ամէնը, որ կ՛աւարտի ժամանակին մէջ: Առանց հաւատքի` աշխարհը բնակեցուած պիտի ըլլար որդիներով, որոնք առանց Հօր պիտի ապրէին, այսինքն` աշխարհը բնակեցուած պիտի ըլլար արարածներով առանց փրկութեան:
«Ահա թէ ինչո՛ւ Յիսուս, մարդ դարձած Աստուծոյ Որդին, ինքնիրեն հարցում կ՛ուղղէ հաւատքի մասին` եթէ հաւատքը վերանար աշխարհէն, ի՞նչ պիտի ըլլար: Երկինք եւ երկիր նախկինին պէս պիտի մնային, սակայն մեր սրտերուն մէջ այլեւս պիտի չըլլար յոյսը: Բոլորին ազատութիւնը պարտութիւն կրած պիտի ըլլար մահէն: Կեանքի մեր ցանկութիւնը ոչնչութեան գիրկը պիտի նետուէր: Առանց Աստուծոյ նկատմամբ հաւատքի չենք կրնար փրկութիւն յուսալ: Յիսուսին ուղղած հարցումը, ուստի, մեզ անհանգստութիւն կը պատճառէ, սակայն միայն այն պարագային, եթէ մոռնանք, որ Յիսուս անձամբ զայն արտասանած է: Տիրոջ խօսքերը, յիրաւի, միշտ փրկութեան ուրախ աւետում են: Այս փրկութիւնը յարատեւ կեանքի պարգեւն է, որ կը ստանանք Հօրմէն, Որդիի միջոցով, Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ», պատգամեց քահանայապետը:
Ան նշեց, որ ասոր համար Քրիստոս իր աշակերտներուն յորդորեց միշտ աղօթք ընել ու չձանձրանալ. «Այնպէս, ինչպէս չենք ձանձրանար շնչելէն, չձանձրանա՛նք աղօթելէն: Ինչպէս շնչելը կ՛ապահովէ մարմնի կեանքը, այդպէս ալ աղօթքը կ՛ապահովէ հոգիին կեանքը. հաւատքը, յիրաւի, աղօթքի մէջ կ՛արտայայտուի եւ իսկական աղօթքը հաւատքով կ՛ապրի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Յիսուսի հարցումը մարտահրաւէր է բոլորիս:
Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը հրաւիրեց մեծաթիւ հաւատացեալները` Քրիստոսի այս խօսքերը հնչեցնելու մեր խիղճին մէջ. «Տէրը մեզի կը հարցնէ, թէ արդեօք կը հաւատա՞նք, որ Աստուած բոլորի արդար դատաւորն է: Որդին մեզի կը հարցնէ` արդեօք կը հաւատա՞նք, որ Հայրը մեզ կը սիրէ եւ կ՛ուզէ իւրաքանչիւր անձի փրկութիւնը: Երկու գայթակղութիւններ, որոնք կը փորձարկեն մեր հաւատքը. առաջինը ուժ կը ստանայ չարի գայթակղութենէն` մղելով մտածելու, որ Աստուած չ՛անսար հարստահարուածներու լացին եւ չ՛ողորմիր անմեղներուն ցաւին: Երկրորդ գայթակղութեամբ կը պահանջենք, որ Աստուած գործէ այնպէս, ինչպէս մենք կ՛ուզենք. աղօթքը այդ ատեն իր տեղը կը զիջի Աստուծոյ ուղղուած հրամանին` Անոր սորվեցնելու, թէ ինչպէս պէտք է ըլլալ արդար ու արդիւնաւէտ»:
Սրբազան քահանայապետը հաստատեց, որ այս երկու գայթակղութիւններէն մեզ կ՛ազատէ Յիսուս` որդիական վստահութեան լիակատար վկան, անմեղը, որ յատկապէս իր չարչարանքներուն ատեն այսպէս կ՛աղօթէ. «Հայր, Քու կամքդ թող ըլլայ»: Ան աւելցուց, որ ինչպէս Յիսուս միշտ եւ ամէն պարագայի իբրեւ Որդի կը վստահի Հօր, մենք` իբրեւ եղբայրներ եւ քոյրեր անոր անունով, կը հռչակենք. «Իսկապէս ճիշդ է եւ արդար է, մեր պարտականութիւնն է ու փրկութեան աղբիւրը, միշտ եւ ամէնուրեք շնորհակալութիւն յայտնել Քեզի, Տէ՛ր, Սուրբ Հայր, ամենակարող եւ յաւիտենական Աստուած, մեր Տիրոջ` Քրիստոսի միջոցով» (Հռոմէական պատարագամատոյց, Սուրբ Հաղորդութեան Բ. աղօթք, Նախաբան)»:
Լեւոն ԺԴ. դիտել տուաւ, որ եկեղեցւոյ աղօթքը մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուած արդարութիւն կը գործէ բոլորին նկատմամբ` իր կեանքը տալով բոլորին համար: Այդպիսով, երբ կ՛աղաղակենք Տիրոջ. «Ո՞ւր ես», այս աղերսանքը աղօթքի կը վերածենք եւ այն ատեն կը ճանչնանք, որ Աստուած հոն է, ուր անմեղը կը տառապի: Քրիստոսի խաչը կը բացայայտէ Աստուծոյ արդարութիւնը: Եւ Աստուծոյ արդարութիւնը ներումն է. «Ան կը տեսնէ չարը եւ կը փրկագնէ զայն` իր վրայ վերցնելով զայն: Երբ կը խաչուինք տառապանքէն ու բռնութենէն, ատելութենէն ու պատերազմէն, Քրիստոս արդէն այնտեղ է, խաչի վրայ` մեզի համար ու մեզի հետ: Չկայ Աստուծոյ կողմէ չսփոփուած լաց, չկայ Անոր սրտէն հեռու արտասուք: Տէրը մեզ կը լսէ, իր գիրկը կ՛առնէ այնպէս, ինչպէս կանք, վերափոխելու մեզ` ինչպէս Ինքն է: Ով կը հրաժարի Աստուծոյ ողորմութենէն, ունակ չէ միւսներուն նկատմամբ ողորմութեան: Ան, որ չ՛ընդունիր խաղաղութիւնը իբրեւ պարգեւ, չի կրնար նուիրել խաղաղութիւն», ըսաւ քահանայապետը:
«Այժմ կը հասկնանք, որ Յիսուսի հարցումները հզօր հրաւէր են յոյսի ու գործողութեան. երբ մարդու Որդին գայ, հաւատք կը գտնէ՞ արդեօք Աստուծոյ նախախնամութեան նկատմամբ: Եւ այս հաւատքն է, յիրաւի, որ կը պահպանէ յանուն արդարութեան մեր յանձնառութիւնը, քանզի կը հաւատանք, որ Աստուած կը փրկէ աշխարհը սիրոյ միջոցով` ազատելով մեզ ճակատագրապաշտութենէ: Մենք մեզի հարց կու տանք ուրեմն. երբ կը լսենք դժուարութեան մէջ գտնուողի կանչը, արդեօք Հօր սիրոյ վկանե՞րն ենք, ինչպէս բոլորին համար եղաւ Քրիստոս` խոնարհը, որ կոչ կ՛ուղղէ բռնաւորին` դարձի գալու, արդարին` մեզ արդար կը դարձնէ, ինչպէս կը վկայեն այսօրուան նոր սուրբերը, որոնք ոչ թէ հերոսներ կամ որեւէ գաղափարի պաշտպաններ են, այլ` իսկական տղամարդիկ ու կիներ են:
Քրիստոսի այս հաւատարիմ բարեկամները.
«- նահատակներ են իրենց հաւատքին համար, ինչպէս եպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանը եւ կրօնուսոյց Փիթըր Տօ Ռոթը.
«- աւետարանիչներ եւ միսիոնարներ են, ինչպէս քոյր Մարիա Թրոնքաթին.
«- շնորհապարգեւ ունեցող հիմնադիրներ են, ինչպէս քոյր Վինչենցա Մարիա Փոլոնին եւ քոյր Քարմեն Ռենտիլես Մարթինեսը.
«- մարդկութեան բարերարներ են` սրտերը նուիրուածութեամբ բոցավառուած, ինչպէս Պարթոլօ Լոնկոն եւ Խոսէ Կրեկորիօ Հերնանտես Չիզներոսը:
«Թող որ անոնց միջնորդութիւնը օգնէ մեզի մեր նեղութիւններուն մէջ եւ թող որ անոնց օրինակը ոգեշնչէ մեզ սրբութեան ընդհանուր կոչումի մէջ:
«Իբրեւ ուխտաւորներ դէպի այս նպատակը, եկէք առանց ձանձրանալու աղօթե՛նք, հաստատօրէն կառչինք մեր սորվածին եւ հաւատա՛նք անսասան կերպով (հմմտ. Բ Տիմոթէոս 3:14): Այսպիսով, երկրի վրայ հաւատքը կը պահպանէ երկնքի յոյսը», եզրափակեց Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը:
Սրբադասման արարողութեան աւարտին ան շրջեցաւ ժողովուրդին մէջ եւ օրհնեց հաւատացեալները:
Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին զանգերը աւետեցին եօթը երանելիներուն սրբադասումը: