Շաբաթ օր Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Մեր ձեւով» շարժման հանրահաւաքը` ի զօրակցութիւն կալանաւորուած գործարար Սամուէլ Կարապետեանի ու հոգեւորականներու:
Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին` Նարեկ Կարապետեան յայտարարեց. «Այսօր «Մեր ձեւով» շարժումը կը սկսի երրորդ շարժումը` Հայաստանի վատ շրջանի աւարտի շարժումը եւ վերակառուցման շարժումը»:
Կարապետեանը շարունակեց. «Մեր պայքարը պիտի ըլլայ խաղաղ, բայց հետեւողական: Մենք հետեւողականօրէն պիտի երթանք առաջ. ինչքան հետեւողականօրէն յարձակին մեր եկեղեցւոյ վրայ, այնքան հետեւողականօրէն ալ մենք պիտի պաշտպանենք մեր եկեղեցին, ինչքան հետեւողականօրէն փորձեն որեւէ ձեւով թուլացնել մեր հասարակութեան աշխուժ մասը, այդքան հետեւողականօրէն ալ մենք ցոյց պիտի տանք մեր ուժն ու միասնականութիւնը»:
Հանրահաւաքէն ետք Սամուէլ Կարապետեանի աջակիցները քայլերթով հասան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքին առջեւ` պահանջելով ազատ արձակել կալանաւորուած Սամուէլ Կարապետեանը:
Յայտարարուեցաւ, որ «Մեր ձեւով» շարժումը կիրակի օր կը նախատեսէ ուխտագնացութիւն դէպի Էջմիածին, ինչպէս շարժման անդամները նշեցին` «այդպիսով ցոյց տալու, որ եկեղեցին միայնակ չէ»:
Երէկ տեղի ունեցաւ դէպի Ս. Էջմիածին ուխտագնացութիւնը: Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս ուխտաւորները ընդունելով ըսաւ. «Հակառակ իշխող ուժին կողմէ հակաեկեղեցական դատապարտելի գործողութիւններուն` մեր սուրբ եկեղեցին անսասան է, հզօր»:
«Մեր սրտերը ծանրացած են` տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս քաղաքական որոշումով, կեղծ ու շինծու մեղադրանքներով կ՛ազատազրկուին նուիրեալ հայորդիներ, եկեղեցականներ», ընդգծեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսը:
Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Ձեր ուխտագնացութիւնը դէպի Սուրբ Էջմիածին կը վկայէ ձեր սիրոյ, նուիրուածութեան մասին` մեր սուրբ եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներուն նկատմամբ: Սուրբ Էջմիածինով միշտ միասնական եւ աննկուն մնացած է մեր ժողովուրդը»: