Այս շաբաթավերջին «Ֆորմիւլա 1»-ի 19-րդ կրան փրին պիտի հիւրընկալէ Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգը: Օսթընի մէջ տեղի ունենալիք այս կրան փրին, բոլորին կողմէ սիրուած եւ սպասուած մրցումն է, ուր աշխուժ երաժշտութեան մայրաքաղաքը «Թեքսասի ոճ»-ով պիտի դրսեւորուի:
Ճիշդ է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Մայեմին եւ Լաս Վեկասն ալ կը հիւրընկալեն կրան փրիներ, բայց Օսթընի մէջ տեղի ունեցող այս մրցումը միշտ ալ վարորդներուն համար ուրախ, առանց ճնշումի, հանգիստ մրցում մը կ՛ըլլայ, ուր ո՛չ Մոնաքոյի լուրջ տարազով մարդիկ կան, ո՛չ ալ «երեւիլ սիրող մարդիկ», այլ պարզ գիւղական հասարակ մարդիկ, որոնք ձիաւորներու նման հագուած կ՛ըլլան «ճինզ» տափատներ` «քաուպոյ»-ի գլխարկներով:
Համակիրներն ալ միշտ քաջալերող եղած են բոլոր մասնակիցներուն, որոնք այս կրան փրիին է, որ կը զգան, թէ իրապէս սիրուած են: Վարորդները կը նախընտրեն յաւելեալ օրեր մնալ Թեքսաս` վայելելու «ջիղեր հանգստացնող» մթնոլորտը:
Անցեալ 5 հոկտեմբերին շահելէ ետք Սինկափուրի կրան փրին, «Մերսետես»-ի վարորդ Ճորճ Ռասըլ եւ իր խմբակից Քիմի Անթոնելլի երկարաձգեցին իրենց պայմանագրութիւնները եւ պիտի մնան գերմանական խումբին հետ 2026-ին:
Այժմ յառաջիկայ տարեշրջանին համար միայն 4 ազատ աթոռներ մնացին, մէկը` «Ռետ Պուլ»-ի, երկուքը` «Ռէյսինկ Պուլզ»-ի եւ մէկն ալ «Ալփին»-ի մօտ:
Շատ հաւանական է, որ Իսաք Հաժժար ըլլայ «Ռետ Պուլ»-ի Մաքս Վերշթափընի խմբակիցը, մինչ Եուքի Ցունոտա (այժմ` «Ռետ Պուլ») եւ Լիամ Լոսըն պիտի պայքարին «Ռէյսինկ Պուլզ»-ի մէկ աթոռին համար` նկատի ունենալով, որ «Ֆորմիւլա 2»-ի վարորդ Արվիտ Լինտպլատ պիտի ըլլայ «Ռէյսինկ Պուլզ»-ի նոր վարորդը` 2026-ին:
Ֆրանքօ Քոլափինթօ կրնայ մնալ Ալփին»-ի հետ` Փիեռ Կասլիի հետ, բայց պահեստի վարորդ Փոլ Արոն կրնայ մեծ դեր ունենալ 2026-ին:
Նշենք, որ «Մաքլարեն» անցեալ կրան փրիէն ետք դարձած էր աշխարհի խմբային ախոյեան, իսկ իր վարորդները` Օսքար Փիասթրի (336) եւ Լանտօ Նորիս (314), կը գրաւեն վարորդներու առաջին երկու դիրքերը: Վերջին 4 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն իր «Ռետ Պուլ»-ով բաւական բարելաւած է իր արդիւնքները` «Ռետ Պուլ»-ի հետ եւ ունի 273 կէտ: