Ֆութպոլի երեկոն ծանր էր հայկական ֆութպոլին համար, երբ ազգային խումբը պարտութիւն կրեց Իրլանտայի մէջ (1-0), մինչ երիտասարդներու ազգային խումբը 5-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Իտալիայէն: Սակայն պահ մը մոռնալով արդիւնքները յայտնենք, որ այդ օրը նաեւ հպարտանալու առիթներ ստեղծեց:
Երկու բերդապահներ` Հենրի Աւագեան եւ Գոռ Մարտինեան իրենք իրենց դրսեւորեցին, իբրեւ հերոսներ` ցուցաբերելով բարձր մակարդակի խաղ, որ յարգանքի արժանի է:
Հենրի Աւագեան դարձաւ Իրլանտայի ազգային խումբի գլխաւոր խոչընդոտը: Կրնանք ըսել, որ 1-0 արդիւնքը իր շնորհիւ էր, որ այդպէս մնաց: Եթէ անոր սքանչելի զսպումները չըլլային, արդիւնքը շատ աւելի բարձր կրնար ըլլալ: Աւագեան 5 անգամ կրցաւ զսպել հարուածներ, իսկ 3 պարագաներու ան աներեւակայելի ձեւով վստահ կոլերէ փրկեց իր բերդը: Ան ոչ միայն կը պաշտպանէր իր բերդը, այլեւ իր խմբակիցներուն կ՛ոգեշնչէր չյանձնուիլ եւ պայքարիլ:
Երիտասարդներու (21 տարեկանէն վար) ազգային խումբին արդիւնքը շատ աւելի մեծ էր (1-5), բայց Գոռ Մատինեան դարձաւ այն խաղցողը, որ արժանացաւ բոլորի յարգանքին: Ան 5 ստոյգ առիթներէ ազատեց իր բերդը եւ փենալթի մըն ալ զսպեց: Մատինեանի երկրորդ փենալթին է, որ ան կը յաջողի զսպել զտումի այս մրցումներուն: Ստացած կոլերը իտալացիներուն մեծ ճնշումին հետեւանքով էին, բայց առանց Մատինեանի հերոսութիւններուն, շատ աւելի վատ կրնար ըլլալ արդիւնքը: Անոր հանդարտ եւ կեդրոնացած, բայց միեւնոյն ժամանակ պայքարող ոգին ցոյց տուաւ, որ Հայաստանի բերդապահի դիրքին վրայ արժանի փոխարինող կը պատրաստուի:
Նոյնիսկ պարտութիւններու օրերուն, հայկական ֆութպոլը կրնայ հպարտութեան առիթ տալ: Աւագեանն ու Մատինեանը յիշեցուցին, որ բերդապահը պարզապէս խաղցող չէ: Ան վերջին պաշտպանողն է, ուր ամէն բան կ՛որոշուի երկվայրկեաններու ընթացքին, եթէ նման մրցումները շարունակուին, կարելի կ՛ըլլայ վստահ ըլլալ, որ հայկական բերդը ապագային կը մնայ ապահով ձեռքերու մէջ:
Իրականութեան մէջ, 14 հոկտեմբերը պատմական օր մըն էր ամբողջ հայկական ֆութպոլին համար: Ճիշդ 33 տարի առաջ 1992-ին, Հայաստանի ազգային խումբը իր պատմութեան առաջին միջազգային մրցումը ունեցած էր անկախութիւն ստանալէ ետք:
Էդուարդ Մարգարովի ղեկավարութեամբ ազգային խումբը իր առաջին ելոյթը ունեցաւ պատմական «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ, ուր բարեկամական մրցում մը ունեցաւ Մոլտովայի հետ (0-0):
Հայաստանի ազգային խումբը դաշտ ներկայացած էր հետեւեալ կազմով. Յարութիւն Աբրահամեան, Սարգիս Յովսէփեան, Երուանդ Կրպաշեան, Վարդան Խաչատրեան, Սամուէլ Կոստանդեան, Սարգիս Կարապետեան, Արամայիս Տօնոյեան, Արտաշէս Ադամեան, Մկրտիչ Յովհաննէսեան, Արմէն Շահգելդեան եւ Արսէն Աւետիսեան: