Ռէալ Մատրիտի գերմանացի յետսապահ Անթոնիօ Ռուտիկըր շատ հաւանաբար յաջորդ ամրան լքէ ակումբը:
Ըստ «Պիլտ»-ի, Ռէալի մարզիչ Չապի Ալոնսօ կը կարծէ, որ Ռուտիկըր բաւարար կայունութիւն չունի եւ յաճախ կը վիրաւորուի: Ալոսնօ կը նախընտրէ կեդրոնի յետսապահ դիրքի վրայ տեսնել Էտիր Միլիթաօ – Տին Հաուսըն զոյգը:
Բացի ատկէ, Ռուտիկըրի բարձր աշխատավարձը Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը կը նկատէ աւելորդ, մանաւանդ եթէ ան պահեստի մարզիկ նկատուի: 32 տարեկան Ռուտիկըր այժմ վիրաւոր է եւ մինչեւ դեկտեմբեր հեռու պիտի մնայ դաշտերէն:
Անթոնիօ Ռուտիկըր սկսած է Շթութկարթի հետ, ապա 2 տարեշրջան խաղալէ ետք Ռոմայի հետ, 5 տարեշրջան ելոյթ ունեցած է Լոնտոնի Չելսիի շապիկով: Ան 2022-ին միացած էր Ռէալին, որուն հետ կատարած է 96 մրցումներ` նշանակելով 2 կոլ: Ան Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ 81 մրցում կատարած է եւ նշանակած 3 կոլ: