Դ. դասակարգի ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի համար տարեշրջանը աւարտեցաւ սեպտեմբերին, բայց վարչութիւնը ոչ մէկ վայրկեան կորսնցուց նոր տարեշրջանին պատրաստուելու եւ արդէն իսկ լրջօրէն կը շարունակէ իր գործը:
Վերահաստատելէ ետք իր մարզիկներուն մեծամասնութիւնը, Պուրճ Համուտի խումբը, աւելի եւս զօրացնելու համար ինքզինք, ձեռք ձգեց լիբանանեան ֆութպոլի վերջին 20 տարիներու փայլուն աստղերէն Ուիսամ Ապտել Հատին, որ առաջին երկու դասակարգերուն մէջ իր կոլերով տարիներ շարունակ դարձած է աստղ մը: Պաղեստինցի կոլ-սքորըրը, որ 2022-ին դարձած էր Բ. դասակարգի լաւագոյն կոլ-սքորըրը, միացաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին` իր փորձառութեամբ օգնելու համար խումբին:
Անսարի, Ռասինկի, Սաֆայի, Թատամոն Սուրի, Շապապ Սահելի, Պուրժի, Սաժեսի, Ախա Ալէյի եւ Մապարրայի կոլ-սքորըրը ՀՄԸՄ-ի շապիկով հանդէս պիտի գայ յառաջիկայ տարեշրջանին:
Խումբի մարզիչ Իպրահիմ Խայրէտտին բոլոր դիրքերը աւելի եւս զօրացնելու նպատակով ձեռք ձգեց նաեւ Ատնան Շամին, Սոֆեան Մըսթոն եւ տակաւին կ՛աշխատի աւելի եւս զօրացնելու բոլոր դիրքերը, զորս կը նկատէ համեմատաբար աւելի տկար, մանաւանդ որ խումբը նպատակ ունի բարձրանալու Բ. դասակարգ:
Վստահաբար Գ. դասակարգի մակարդակը աւելի դժուար կրնայ ըլլալ Դ. դասակարգէն, եւ կարիքը պիտի զգացուի նոյնիսկ լաւ պահեստի մարզիկներու, համակիրներն ալ պատրաստ պիտի ըլլան յաղթանակներ տօնելու յառաջիկայ եղանակին:
Լաւ ձեւով պատրաստուիլը շատ պիտի օգնէ, որ հին մարզիկները վարժուին նորերուն, եւ արդիւնքը կրնանք քաղել յառաջիկայ տարեշրջանին:
Յաջողութիւն կը յայտնենք վարչութեան, որ իր բոլոր ջանքերը կը տրամադրէ մարտունակ խումբ մը ունենալու համար Գ. դասակարգին մէջ: