Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ուան Ամերիքա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ըրածս ոչ ոք ըրաւ. 7 պատերազմներ կարգաւորեցինք, եւ այդ թիւը կրնայ 8 դառնալ»:
«Միջին Արեւելքի խնդիրը 3000 տարի ետք դիւրին լուծելի է, եւ Կազայէն աւելին ունինք», նշեց Թրամփ:
«Կազան պիտի ստանանք, ինչպէս նաեւ համապարփակ խաղաղութիւն պիտի ունենանք, եւ ատիկա հոյակապ ձեռքբերում պիտի ըլլայ», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Կազայի խնդիրը լուծելէ ետք, պիտի զբաղինք Ռուսիոյ հարցով: Կարծեցի, թէ ատիկա դիւրին պիտի ըլլայ, սակայն դժուար էր», աւելցուց Թրամփ: