Համասէն ղեկավար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ պաղեստինեան շարժումը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին յայտարարած եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հաւանութեան արժանացած ծրագիրը սերտելու համար որոշ ժամանակի պէտք ունի:
«Համաս տակաւին կը շարունակէ շարժումին ներկայացուած Թրամփի ծրագիրին շուրջ խորհրդակցութիւնները եւ միջնորդներուն փոխանցեց, թէ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, եւ որոշ ժամանակի կարիք ունինք», նշած է ղեկավարը:
Յիշեցնենք, որ Թրամփ երեքշաբթի, 30 սեպտեմբերին Համասին «3 կամ 4 օր» պայմանաժամ տուած էր ընդունելու ծրագիրը, որուն նպատակը, Թրամփի նշումով, Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալն է:
Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Իշաք Տար յայտարարած է. «Կազայի պատերազմին վերջ տալու համար Թրամփի յայտարարած ծրագիրին կէտերը մեր առաջարկած նախագիծին չեն համապատասխաներ: Ասիկա մեր պատրաստած նախագիծը չէ»:
Յիշեցնենք, որ Թրամփ 30 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նիստի ընթացքին ժողով մը գումարած էր արաբ եւ իսլամ ղեկավարներու հետ եւ անոնց ներկայացուցած Կազայի մէջ խաղաղութեան 21 կէտերէ բաղկացած իր ծրագիրը:
Թրամփի հետ ժողովին մասնակցած էին Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը եւ Եգիպտոսէն, Սէուտական Արաբիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Փաքիստանէն եւ Ինտոնեզիայէն ներկայացուցիչներ:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնած էր. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դրական կերպով ընկալեց այն կէտերը, զորս արաբ ղեկավարները արծարծեցին Նիւ Եորքի մէջ իրենց ժողովի ընթացքին»: