Միւնիխի օդակայանը հինգշաբթի գիշեր քանի մը ժամով դադրեցուցած է իր աշխատանքները` օդային տարածքին մէջ նկատուած անօդաչու թռչող սարքերու պատճառով: Աշխատանքները վերսկսած են երէկ առաւօտեան:
Չեղեալ յայտարարուած են 17 թռիչքներ շուրջ 3000 ճամբորդներու համար: Էջք կատարող 15 թռիչքներ ալ ուղղուած են գերմանական այլ քաղաքներու օդակայաններ:
Նախորդ շաբաթ նման միջադէպերու պատճառով աշխատանքները ժամանակաւորապէս դադրեցուած էին Դանիոյ եւ Նորվեկիոյ օդակայաններուն մէջ:
Նշենք, որ երկու օր առաջ Միւնիխի մէջ ռումբի ահազանգի պատճառով փակուած էր գարեջուրի հոկտեմբերեան փառատօնի` «Օքթոպերֆեսթ»-ի վայրը: